ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ

Միջին Արեւելքի մեր ժողովուրդի զաւակները, 6 Փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան, զգացին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ արձանագրուած ահաւոր երկրաշարժին (7.8 աստիճան) ցնցումները, որոնց ալիքները տարածուեցան շրջանի զանազան երկիրներուն վրայ, յատկապէս՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի եւ այլ շրջաններու։
 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս կապ հաստատեց յիշեալ շրջաններու հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուներուն հետ՝ մօտէն իրազեկ դառնալով տեղւոյն կացութեան, մեր համայնքի զաւակներուն պատճառուած վնասներուն մասին։
 
Յայտնենք, որ Լիբանանի մէջ երկրաշարժին յառաջացուցած վնասները բարեբախտաբար աւելի թեթեւ են եւ պատճառ դարձած են պարզապէս նիւթական վնասներու։
 
Քէսապի հայկական աւանին մէջ վնասուած է յատկապէս եկեղեցին եւ կարգ մը տուներ։
 
Հալէպի պատմական մեր գաղութին մէջ, դժբախտաբար, բաւական լուրջ վնասներ կան եւ, ցաւ ի սիրտ, ցարդ ունինք երկու զոհեր (մայր ու որդի) եւ քանի մը վիրաւորներ ու վնասուած բազմաթիւ շէնքեր։
Ճէզիրէի շրջանի լուրերը առ այժմ յստակ չեն։
 
Ցարդ ասոնք են CILICIA TV-ին տեղեկութիւնները։ Նորութիւններու պարագային շուտով տեղեակ կը պահենք մեր ժողովուրդի զաւակները։
 
Աղօթող ենք, որ մեր ժողովուրդը անփորձանք անցընէ այս ցնցումները։