Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԸՊԷՅԼ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Լիբանանի Ժըպէյլ պատմական քաղաքին մէջ գտնուող «Թռչնոց Բոյն» եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան եւ մօտէն հետեւեցաւ այնտեղ կատարուող աշխատանքներուն։