ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ ՀԱՍԿԻՆ ՅՈՒԼԻՍ—ՕԳՈՍՏՈՍ 2023 ԹԻՒԸ ԿՐՆԱՔ ԿԱՐԴԱԼ ԱՌՑԱՆՑ
Այս հասցէակապին վրայ սեղմելով կրնաք ընթերցել ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթին Յուլիս-Օգոստոս 2023 թիւը։
Այս հասցէակապին վրայ սեղմելով կրնաք ընթերցել ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթին Յուլիս-Օգոստոս 2023 թիւը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ին, ընդունեց Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ Մուսթաքպալ հոսանքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին։ Մուսթաքպալի պատուիրակութիւնը Հայրապետին փոխանցեց վարչապետ Հարիրիի ողջոյնները եւ միաժամանակ արտայայտեց անոր խոր ցաւը՝ ի տես Արցախի մէջ պատահող փոփոխութեանց, ժողովուրդին…
Արցախ աշխարհին դիմագրաւած վերջին աղէտը ծանր հետեւանքներ ունեցաւ մեր ժողովուրդին համար՝ ստեղծելով անորոշութեան մթնոլորտ։ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ կրկնուեցաւ 21-րդ դարուն։ Դարձեալ նահատակներ, քանդումներ եւ աքսոր…։ Դարեր շարունակ հայու արիւնով, արցունքով ու ստեղծագործ ոգիով շաղախուած Արցախը կը գտնուի թշնամիին արիւնոտ ձեռքերուն մէջ։ Մեր ժողովուրդը չէ յուսահատած, որովհետեւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալը կ՚ըսէ «յոյսը…
Շաբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Եուհաննա Ժ. Եազճի Պատրիաքին ներկայացուցիչ եւ Պալամանտ համալսարանի աստուածաբանական բաժանմունքի տնօրէնը Հայր Ժագ Խալիլը: Հանդիպումին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս…
Մի քանի օրեր առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը համազգային զօրաշարժ յայտարարած էր՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերատնտեսական կարիքներու օժանդակութեան: Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը խորհրդակցելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ թեմակալ առաջնորդներուն հետ, Արցախի հայութեան օժանդակութեան մարմին մը նշանակեց։ Մարմնին մաս կը կազմեն.- — Գերշ.…
Չորեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ: Հանդիպումի օրակարգին գլխաւոր հարցը Արցախի մեր ժողովուրդին զօրակցութիւնն էր: Նորին Ս. Օծութիւնը հետեւեալ թելադրութիւնները կատարեց առաջնորդներուն եւ թեմի իշխանութիւններուն.- Ա) Յառաջիկայ Կիրակի, 1 Հոկտեմբերը նկատել Արցախի զօրակցութեան օր՝ հոգեհանգիստ կատարելով Արցախի նահատակներու հոգիներուն, ինչպէս…
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2023-ին, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք՝ Հայաստանի վերանկախացման 32-րդ տարեդարձին առիթով եւ Արցախի զօրակցական աղօթք։ Արարողութեան աւարտին Հայրապետին ձեռամբ օրհնուեցան Հայաստանի ու Արցախի դրօշները, ապա Նորին Սրբութիւնը յղեց իր Հայրապետական պատգամը։ Վեհափառ Հայրապետը պատգամը սկսաւ իր խոր ցաւը…
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կ՚ողջունենք տագնապալից պայմաններու մէջ: Երկար ամիսներու սովէ ու տառապանքէ ետք, այսօր Արցախը կը գտնուի մահուան դէմ յանդիման: Արդարեւ, Ազրպէյճանի հետզհետէ ծաւալող սպառնալիքներուն ու սադրանքներուն դիմաց, ըրինք զիջումներ, վարեցինք բանակցութիւններ, կատարեցինք յայտարարութիւններ, հրապարակեցինք դատապարտութիւններ, դիմեցինք միջազգային համայնքին, թակեցինք դռները մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր բարեկամներուն: Սակայն, ոչի՛նչ փոխուեցաւ: Ո՛չ ոք լսեց…
Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մօտ Արժանթինի դեսպան Մորիսիօ Ալիսը եւ Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը: Դեսպաններուն հետ քննարկումները ընդհանրապէս կեդրոնացան Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան գծով վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներուն վրայ: Այս ծիրէն ներս կատարուեցաւ տեսակէտներու փոխանակում եւ շեշտուեցաւ կարելի փութով ընտրութիւն կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:…
Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Ա.Ե.Խ.) վերջերս պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով՝ կոչ ուղղեց կարելի փութով Արցախի ապաշրջափակման՝ զայն նկատելով մարդկային մեծ աղէտ, որ անընդունելի է թէ՛ բարոյական, թէ՛ օրինական եւ թէ միջազգային օրէնքի իմաստով: Հետեւելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.), Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը եւս շեշտեց…
Երկուշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը շնորհաւորական նամակ մը յղեց Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ վսեմաշուք Սամուէլ Շահրամանեանին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակը.- Վսեմաշուք Տիար Սամուէլ Շահրամանեան Նորընտիր Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ եւ ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը,…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հրաւէրով եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր պետերու եւ երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ խորհրդակցական յատուկ նիստ մը, միակ օրակարգ ունենալով Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու հրամայականը։ Նիստին կը մասնակցէին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հրաւէրով, մասնակցութեամբ հայ հոգեւոր պետերու եւ երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2023-ին, տեղի պիտի ունենայ խորհրդակցական յատուկ նիստ, միակ օրակարգ ունենալով Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու հրամայականը։ Նիստին պիտի մասնակցին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու…
— Առնուած Համազգայինէն — Համազգայինը 95 տարիներէ ի վեր կը գործէր միայն իր տարբերանշանով. Միութեան վերջին՝ 9-րդ պատգամաւորական ժողովը (Մայիս 2022, Երեւան) հաստատեց Միութեան դրօշի մը որդեգրման անհրաժեշտութիւնը։ Արդարեւ, 4 Սեպտեմբեր 2023-ին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած Կեդրոնական եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւններու անդամներէ, Հ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան…
Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ ամեակին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ողջ հայութեան, շեշտելով Արցախի Հանրապետութեան անյապաղ ապաշրջափակումը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքին ամրապնդումը։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Անկախութիւնը Աստուածատուր իրաւունք է։ Անկախութիւնը նաեւ միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է։ Արդ, ո՛չ մէկ ազգ իրաւունք ունի բռնաբարելու ուրիշ ազգին…
ԱՆՅԱՊԱՂ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ, ԲԱՅՑ ՈՉ Ի ՀԵՃՈՒԿՍ ԱՐՑԱԽԻ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ Այսօր Արցախի անկախութեան տօնն է։ Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Արցախի անկախութեան 32-րդ տարեդարձը։ Ահա շուրջ ինը ամիսներէ ի վեր շրջափակումի ենթարկուած է Արցախը Ազրպէյճանի կողմէ եւ ենթակայ է սովամահ դառնալու վտանգին։ Սակայն, Արցախի ժողովուրդին հաւատքը, վճռակամութիւնը ու յոյսը ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ…
Ուրախութեամբ կը ծանուցենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին St. Nerses The Gracious and Church Unity (Ս. Ներսէս Շնորհալի Եւ Եկեղեցւոյ Միութիւնը) խորագիրը կրող աշխատասիրութեան վերահրատարակութիւնը լոյս տեսաւ Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն: Արդարեւ, 1974 թուականին, սոյն աշխատասիրութիւնը Վեհափառ Հայրապետը, երբ տակաւին վարդապետ էր, իբրեւ ծայրագոյն մագիստրոսի աւարտաճառ ներկայացուցած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին եւ Մերձաւոր Արեւելքի…
«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՄՏԱՀՈԳ Է ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ԱՐՑԱԽԻ ԳԾՈՎ» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ — Երեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2023-ին, աւելի քան ժամ մը տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Ա.Մ.Ն.) դեսպան Տորոթի Շիային միջեւ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի պարզած ներկայ…
Հինգշաբթի, 24 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի ներկայացուցիչներուն։ Պատուիրակութեան անդամներն էին Ամալ շարժումին փոխ նախագահ Շէյխ Հասան Ալ-Մասրին եւ ճարտարապետ Սայիտ Ապպաս Նասր Ալ-Տինը, որոնք միաժամանակ շարժումին քաղաքական դիւանի անդամներն են։ Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի նախագահական…
«Գնահատելով Իրանի զօրակցութիւնը Հայաստանի ու Արցախի գծով, կը սպասենք աւելին» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ — Երեքշաբթի, 22 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուճթպա Ամանիի հետ: Քննարկումներուն մէջ յատուկ տեղ գրաւեց Արցախի շրջափակումը Ազրպէյճանի կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց դեսպանին,…
Չորեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի վեհարանին մէջ ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Լիբանանի վարիչ մարմինը: Կուսակցութեան վարիչ մարմինի ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան ուրախութեամբ յայտնեց, որ վերջին տարիներուն կուսակցութեան շարքերէն ներս յառաջացած զգայնութիւնները ու տարակարծութիւնները արդէն իսկ լուծուած են եւ կազմակերպութիւնը ներքին միասնականութեան ամրացման ու վերանորոգման ընթացքի մէջ է: Նորին…
«Բերձորի (Լաչին) միջանցքին բացումը անյետաձգելի հրամայական պէտք է դառնայ միջազգային համայնքին համար» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ — Հինգշաբթի, 17 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպանին: Ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ այլ դեսպաններ։ Հիւրասիրութեան ընթացքին քննարկուեցան առաւելաբար երկու այժմէական նիւթեր՝…
Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Վանքի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, Կիրակի, 13 Օգոստոս 2023-ին։ Մայրավանքին մէջ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան։ Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, այս տօնին կը կատարուի…
«Արցախի փրկութիւնը՝ համահայկական առաջնահերթութիւն» * — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ — Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Արցախի պարզած ներկայ ճգնաժամային կացութեան։ Շրջափակումի ենթարկուած Արցախէն ներս մեր ազգին զաւակները սովամահ ըլլալու անմիջական վտանգին ենթակայ են։ Մեր ժողովուրդի հոծ բազմութեան ներկայութեան, կ՚ուզենք բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ անդրադառնալ համայն մեր ազգը յուզող ու տագնապեցնող Արցախի հարցին, Հայրապետական Մեր պատգամը ուղղելով…
Ներկայ հայկական իրականութեան դիմաց որքա՜ն պէտք ունինք հաւատքի ու կամքի զօրութեան, որպէսզի կարենանք շարունակել ապաւինիլ Աստուծոյ փրկութեան խոստումին, իսկ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առընթեր նշուած Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան նուիրուած Ս. Պատարագը առիթ կը ստեղծէ հաւատացեալներուն վերանորոգուելու եւ վերանորոգելու իրենց քրիստոնէական յոյսը։ Արդարեւ, Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս…
Օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, անցնող շաբթուան ընթացքին, Երկուշաբթի 7 Օգոստոսէն Ուրբաթ 11 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի շաբթուան առիթով, Վանքի համանուն մատրան մէջ ամէն առաւօտ մատուցուեցան Ս. եւ Անմահ Պատարագներ եւ կատարուեցան հոգեւոր խորհրդածութիւններ, Կիլիկիեան ուխտեալ միաբանութեան երիտասարդ անդամներուն կողմէ։ Իւրաքանչիւր օրուան…
«ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ԿԻԶԱԿԷՏՆ Է» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ — Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2023-ին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան հեռաձայնային կապ հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան իրեն փոխանցած շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներուն համար: Այս առիթով, Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արցախի ապաշրջափկման ուղղութեամբ հայրապետին տարած…
Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունէն պատուիրակութիւն մը։ Քննարկումներու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը դատապարտեց Շուէյտի մէջ Քուրանի հրկիզման երեւոյթը եւ կարեւորեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան եւ երկխօսութեան առաւել եւս զարկ տալու հրամայականը։ Այս առիթով, Նորին Ս. Օծութիւնը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի…
«Կը սպասենք, որ Մ.Ա.Կ.ը Արցախի ապաշրջափակման գծով իր զօրակցութիւնը գործնապէս շարունակէ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքան, ընկերակցութեամբ իր երկու գործակիցներուն։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու գլխաւոր հարցեր.- ա) Արցախի շրջափակումը…
Երեքշաբթի, 8 Օգոստոս 2023-ին, Արցախի Խորհրդարանի նորընտիր նախագահին՝ Դաւիթ Իշխանեանին ուղղած իր նամակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունելով անոր ընտրութիւնը, կ՚ըսէ հետեւեալը. «Արցախի դիմագրաւած ներկայ վճռական հանգրուանին, Ձեր պատասխանատուութիւնը, որպէս Խորհրդարանի նախագահ, Ձեզ կը դնէ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Ձեր առջեւ կը բացուին պատասխանատուութեան նոր, այլ դժուարին հորիզոններ: Մօտէն ճանչցած ըլլալով Ձեզ, վստահ…
«ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԱՐՑԱԽԻՆ ՀԱՄԱՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Երկուշաբթի, 7 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Պապական Նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսին։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ յարաբերութեան առնչուած եւ այլ միջ-եկեղեցական…
Ուրբաթ, 4 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց քաղդէական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Մար Լուիզ Ռաֆայէլ Սագօ Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Միշէլ Քասսարճի եպիսկոպոսը։ Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Նորին Ս. Օծութեան անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցել Իրաքի մէջ Սագօ Պատրիարքին դիմագրաւած կարգ մը քաղաքական դժուարութիւններուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց քրիստոնէական միութիւնը…
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղարները, յիշեալ խորհուրդներու վերին մարմիններուն անունով, միասնական կոչ ուղղեցին կարելի փութով վերջ տալու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման։ Արդարեւ, Եւրոպական Միութեան (Ե.Մ.) արտաքին յարաբերութեանց եւ ապահովութեան խորհուրդի պետ Ժոզէփ Պորէլլ Ֆոնթէլէսի ուղղած իրենց նամակին մէջ, վերոյիշեալ երկու եկեղեցական խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարները անդրադառնալով Արցախի հայութեան դիմագրաւած…
Անցնող օրերուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) պատասխանատու մարմիններուն հետ, որպէսզի միջազգային համայնքին անգամ մը եւս ուշադրութեան յանձնեն Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի (Լաչին) միակ միջանցքը անմիջապէս վերաբանալու հրամայականը եւ դատապարտեն Ազրպէյճանի կողմէ կատարուող այս անմարդկային արարքը։ Արդարեւ, Ե.Հ.Խ.ը կոչով մը հանդէս եկաւ,…
Երկուշաբթի, 31 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը դեսպանը տեղեակ պահեց միջ-եկեղեցական աշխարհին ճամբով, յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (Մ.Ա.Ե.Խ.), Արցախի գծով կատարուելիք յայտարարութիւններուն մասին։ Դեսպանը, իր կարգին, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց…
Հինգշաբթի, 27 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողովի մասնակիցները, որոնք եկած են Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի ու Ամերիկայի զանազան երկիրներէն։ Հանդիպման սկիզբը խօսք առին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Դաւիթ Գազանճեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (Լ.Ե.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան…
«ԱՐՑԱԽԻ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԾՆՈ՛ՒՆԴՆ Է ԱՐՑԱԽԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Բարբարոս Ազրպէյճանի կողմէ շուրջ ութ ամիսներէ ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախը կը դիմագրաւէ սննդեղէնի, դեղորայքի եւ մարդկային տարրական պահանջներու լուրջ դժուարութիւններ։ Սփիւռքի մեր հայորդիները, կազմակերպութիւնները եւ եկեղեցին լծուած են արցախահայութեան ինքնիշխանութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու ու պահպանելու աշխատանքներուն։ Արդարեւ, Երեքշաբթի, 25 Յուլիս…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ կառուցուած եպիսկոպոսաց շէնքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի այրիին՝ Անահիտին եւ զաւակներուն՝ Գարինին, Արամին եւ Անիթային։ Յայտնենք, որ շէնքին շինութիւնը աւարտած էր 2019 թուականին, սակայն համաճարակին եւ Գառնիկ Եագուպեանին մահուան…
Կաթողիկոսութեանս ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթին Մայիս-Յունիս 2023 թիւը կրնաք կարդալ հոս։
Երեքշաբթի, 18 Յուլիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի տիկնոջ՝ Անի Եագուպեանի, եւ զաւակներուն՝ Արամի եւ Անիթայի այցելութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Եագուպեան եւ Չաթալպաշեան ընտանիքներուն անցեալի եւ ներկայի բարերարութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին, հայրենիքին եւ առ հասարակ մեր ազգին։ Այս ծիրէն ներս…
Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) տօնը հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ եկեղեցական տօնախմբութեամբ հանդիսաւորապէս կը նշուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, իսկ ազգային առումով՝ Վարդավառի ժողովրդային տօնով։ Առ այդ, օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Կիրակի, 16 Յուլիս 2023-ին, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ…
Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօս, սփիւռքագէտ դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան, Երեքշաբթի, 11 Յուլիս 2023-ին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Դոկտ․ Չիլինկիրեան մաս կը կազմէ «Սփիւռքի Տարի»ին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համախմբած փորձագէտներու խումբին, որոնք առցանց դրութեամբ իրերայաջորդ քննարկումներ ունեցան Սփիւռքի վերակազմակերպման տարբեր ուղիներ որոնող եւ առաջադրող խորհրդակցութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետին հետ վերոյիշեալ հանդիպումին ներկայ էր…
Հաւատացեալներու սրտամօտիկ «Կիպրիանոս» աղօթագիրքը չորրորդ հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ Կաթողիկոսարանի տպարանէն։ Աղօթագիրքը կը վերահրատարակուի ազնիւ մեկենասութեամբ Չելլիքեան ընտանիքին՝ ի յիշատակ Վահան եւ Յասմիկ Չելլիքեաններուն։ «Կիպրիանոս» կը պարունակէ զանազան աղօթքներ, «Հաւատով Խոստովանիմ»ը, Աւետարանէն հատուածներ եւ Քրիսոտոսի հրաշագործութիւններէն դրուագներ։ Գրպանի չափով տպուած սոյն հրատարակութիւնը կը գտնէք Կաթողոկոսարանի գրատունը եւ առցանց՝ www.ciliciabookstore.com հասցէով։
Վերջին քանի մը օրերուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ այցելուները ընդունեց.- — Քրիստոնեայ նախկին երեսփոխաններէ ու նախարարներէ բաղկացած խումբ մը Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած: — Լոս Անճելըսէն The California Courier շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցեցաւ մասնաւորաբար Սփիւռքի առնչուած հարցերու գծով:…
Երկուշաբթի, 3 Յուլիս 2023-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի այցելութիւնը։ Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ։
Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնամուրի վրայ՝ Համբիկ Մարտիրոսեանի եւ «Կիլիկիա» նուագախումբին, իր 50-ամեակին նուիրուած զանազան ձեռնարկներու շարքին, Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ի երեկոյեան, ազգային երգերու համերգով մը բեմ բարձրացաւ «Լիքաա» հանդիսասրահին մէջ։ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով սկիզբ առաւ ձեռնարկը, որմէ ետք բացման…
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձուներու տարեկան ժողովը տեղի ունեցաւ Երեւանի նախագահական ապարանքին մէջ, Շաբաթ 24 Յունիս 2023-ին: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը («Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ) իր մասնակցութինը բերաւ: Ժողովը հիմնականին մէջ լսեց եւ քննարկեց 2022 տարուան իրագործուած ծրագիրներուն…
Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին նուիրուած Ս. Աթոռիս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սրբատառ Կոնդակի հրապարակումին ընդառաջ, նախ՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Սրբազան համերգ եւ գիտաժողով իրականցնելէ ետք, Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի նախաձեռնած գիտաժողովին, յանուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը («Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ), 21…
Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ին, Կաթողիկոսարանիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ Հայրապետական Մաղթանքի կատարումով։ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրացան ու Հայրապետական Մաղթանք…
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդրանիկ ժողովը գումարուեցաւ 21-27 Յունիս 2023-ին, Ժընեւի մէջ՝ յետ Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուած «Քրիստոսի Սէրը Աշխարհը Կը Մղէ Հաշտութեան եւ Միասնութեան» թեմայով 11-րդ համաժողովին։ Կեդրոնական Վարչութեան մէջ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող երկու անդամները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի…
Ուրբաթ, 30 Յունիս 2023-ին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ։ Նորին Ս. Օծութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արացխի մեր ժողովուրդին։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց նախագահը վերջին շրջանին Յունաստանի ու Գանատայի վարչապետներուն եւ Կիպրոսի նախագահին հետ Արցախի հարցին գծով…
Մարդակերտման ու հայակերտման անփոխարինելի կրթական ու հոգեւոր կառոյց Դպրեվանքը այս տարի եւս յաջողութեամբ բոլորեց իր ուսումնական-կրթական տարեշրջանը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Հինգշաբթի, 29 Յունիս 2023-ին երեկոյեան, գեղեցիկ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ աւարտական Դ. Ընծայարանի վկայականաց բաշխումը՝ նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ 93-րդ ամավերջի հանդէսին ներկայ էին միաբան հայրեր ու…
Գանատայի հայոց թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութենէն Մայրավանք վերադարձին, Վեհափառ Հայրապետը ողջոյնի յատուկ նամակ մը յղեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայի հայութեան նկատմամբ անոր կատարած դրական արտայայտութիւններուն համար: Յայտնենք, որ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցած էր վարչապետին…
Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ին, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) կեդրոնական վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ դոկտ. Համբիկ Սարաֆեանին, հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստանը, Արցախը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն: Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ մեր ժողովուրդի ներկայ ճակատագրական հանգրուանին համազգային խորհուրդ մը կազմելու…
Քանի մը օրեր առաջ, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ հանդիպում մը կայացաւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի Զուիցերիոյ անդամներուն միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Զուիցերիոյ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահուհի դոկտ. Ռիթա Ֆամոս եւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի ատենապետուհի փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի անցնող տասնամեակներու գործունէութեան, ապա որոշուեցաւ առաջնահերթութիւններու նոր ծրագիր մը…
Չորեքշաբթի, 21 Յունիս 2023-ին, Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ բացումը կը կատարուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան առաջին նիստին։ Յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։ Ժողովին հիմնական օրակարգն է Ե.Հ.Խ.ի…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին հանդիպեցաւ նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան Թորոնթոյի մէջ Պատւոյ հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեանին հետ։ Այցելութեան ներկայ էին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդը եւ Վեհափառ Հայրապետի շքախումբը։
Թորոնթոյի համալսարանէն ներս Վեհափառ Հայրապետին տուած դասախօսութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետին հանդիպեցաւ Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Փիթըր Նոթպումը: Ան թէ՛ դասախօսութենէն ետք ունեցած իր հրապարակային արտայայտութեան ընթացքին եւ թէ՛ առանձնաբար անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերին միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր քարտուղարին յայտնեց, որ միջ-եկեղեցական շարժումը ներկայ ժամանակներուն կարիքը ունի նոր օրակարգի, նոր ոճի…
Հինգշաբթի, 15 Յունիս 2023-ին, Թորոնթոյի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեանին: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Խարապեան Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց վերջերս Հայաստանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին՝ պարզելով Հայաստանի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադարձ կատարելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք գործակցութեան…
5-11 Յունիս 2023-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղի Ս. Էջմիածինի մէջ կայացաւ Կաթողիկոսութեան միաբանական համագումարը (աբեղայ, վարդապետ, ծայրագոյն վարդապետ)՝ «Սուրբ Էջմիածինը Որպէս Առաքելութիւն» խորագրեալ։ Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ յիշեալ համագումարին հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութիւնը ներկայացուցին Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը…
Երեքշաբթի, 13 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ու Թորոնթոյի գաղութէն ներս գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեց «Ռուբինա» մանկամսուր, «Պապայեան» Մանկապարտէզ, «Գոլոլեան» նախակրթարան եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարան։ Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի Տնօրէն՝ Պրն. Րաֆֆի Սարգիսեան տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին։ Ապա, Վարժարանի աշակերտները…
Երկուշաբթի, 12 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, «Համազգային» Թատերասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազնաւորեան» եւ «Մեղրիկ Բարիքեան» դպրաց դասերու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբի, «Գուսան» երգչախումբի եւ «Էրեբունի» պարախումբի ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց բոլոր…
Երկուշաբթի, 12 Յունիս 2023-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիպեցան Հ.Յ.Դ. «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչները, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները։ Անոնք Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին գաղութին մէջ կատարուելիք յառաջիկայ բոլոր ծրագիրները…
Շաբաթ, 10 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցաւ Օնթարիոյի մէջ գործող գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ արծարծեց սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակազմաւորման օրակարգը՝ մեկնած 2023 տարուան հռչակագիրէն Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչուած, եւ մտածել մարտահրաւէրներու յաղթահարման ելքերու մասին։ Հանդիպման…
Երեքշաբթի, 13 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Թորոնթոյի Համալսարանի Սուրբ Երրորդութիւն մատուռին մէջ ներկայացուց «Սուրբ Ներսէս Շնորհալին եւ Միջ-Եկեղեցական Շարժումը» նիւթը՝ կազմակերպութեամբ Վարդապետ Ճեֆրի Ռետիի՝ ղեկավար Թորոնթոյի համալսարանի «Թիրինիթի» քոլէճի Աստուածաբանութեան բաժանմունքին Ուղղափառ Քրիստոնէութեան դպրոցին։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգշ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, ուստի խօսք առաւ Հայր Ճեֆրի Ռետին,…
Շաբաթ, 10 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Լիբանանի Հանրապետութեան Օնթարիոյի մէջ Պատւոյ Հիւպատոս Պրն. Գրիգոր Փոսթաճեան, Օնթարիոյ նահանգի Խորհրդարանի անդամ Պրն. Արիս Պապիկեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…
Ուրբաթ, 9 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի Հայոց…
Կիրակի, 11 Յունիսի առաւօտուն, Հայրապետական Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Հայրապետին առընթերակայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը։ Յընթացս պատարագին, Վեհափառ Հայրապետը մէջ յաւուր պատշաճի խօսեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէն ելքի պատգամին մասին՝…
Ուրբաթ, 9 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին հայրապետական թափօրը, եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գէմպրիճի մասնաճիւղի սկաուտներու առաջնորդութեամբ, հասաւ մինչեւ եկեղեցւոյ դուռը։ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Գահակալ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեանի, մուտք գործեց Ս.…
Հինգշաբթի, 8 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Գանատայի պետութեան կողմէ տրամադրուած ոստիկաններու առաջնորդութեամբ, Թորոնթոյէն ուղղուեցաւ դէպի Նիակարա Ֆոլզ՝ ընկերակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին, Ազգային Վաչութեան համա-ատենապետ Տիար Գրիգոր Մահսերեճեանին եւ Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանին:…
Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հայրապետական թափօրը՝ առաջնորդութեամբ եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. Թորոնթոյի մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներուն եւ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, հասաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի։ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Գահակալ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ.…
Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն։ Շքախումբին մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համա-ատենապետ…
Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն։ Շքախումբին մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի հետ, Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի երեկոյեան։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ճոլի, Գանատայի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուդան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան։ Հանդիպման առանցքը կազմեց՝ Արցախին ներկայ իրավիճակը, Ազրպէյճանի…
Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահին մէջ, հանդիպեցաւ Մեծն Մոնթրէալի մէջ գործող գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հետեւելով Վեհափառ Հայրապետի 2023 տարուան Հռչակագիրին, կազմակերպուած էր «Սփիւռք» աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերակազմաւորել Սփիւռքը։ Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն…
Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան հիւպատոսարան։ Շքախումբին մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Մոնթրէալի մէջ պատւոյ հիւպատոս Պրն. Լեւոն Աֆէյեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Պրն. Գրիգոր…
Կիրակի, 4 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի «Բլազա Վոլարէ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանուհի Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, Մոնթրէալի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատւոյ հիւպատոս Պրն. Լեւոն Աֆէյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային…
Շաբաթ, 3 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Լաւալի «Պոն Բասթէօր» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի։ Վեհափառ Հայրապետին աղօթակից էին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերապատիւ Տ.…
Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասի անդամներէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ. Լաւալի մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներու առաջնորդութեամբ, հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Ս. Գէորգ Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային…
Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի յետմիջօրէին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ՝ Սարօ Տէր Պետրոսեան, Մարալ Նազարեան եւ Յովիկ Թիւֆէնքճեան, Մոնթրէալի մէջ հանդիպում ունեցան Վեհափառի Հայրապետին հետ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան…
Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի յետմիջօրէին, Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանն ու Ազգային Վարչութիւնը հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանն ու Կեդրոնական Վարչութեան անդամ բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանը։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ գանատահայ սփիւռքին…
Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ու Մոնթրէալի գաղութէն ներս գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեց «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» մանկամսուր, Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոց, Սարաֆեան նախակրթարան եւ Բասդրմաճեան երկրորդական վարժարան։ Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի տնօրէն Լոռի Ապրաքեան, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով, բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին։…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը Մոնթրէալի մէջ սկիզբ առաւ Հինգշաբթի, 1 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին։ Միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ. «ԿԱՄՔ» մասնաճիւղի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական…
Չորեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ հովուապետական այցելութեամբ Ժամանեց Գանատա՝ ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի։ Գանատայի միջազգային օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, Լիբանանի…
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը 2023 տարին հռչակեց «Սփիւռքի Տարի Բ. — Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում»։ Այս շրջագիծին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ձեռնարկած է հովուապետական այցելութիւններու՝ նպատակ ունենալով Սփիւռքի մեր գաղութներու վերակազմակերպումը, մեկնելով «Հզօր Սփիւռք՝ Հզօր Հայաստան Եւ Հզօր Արցախ» տեսլականէն ու յանձնառութենէն։ Արդարեւ, Երեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Արամ Ա. Վեհափառ…
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին, Ս. Ներսէս Դ. Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850 ամեակը նշուեցաւ միօրեայ գիտաժողովով։ Այն տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Ուրբաթ, 26 Մայիս 2023-ին։ Բացման խօսքը արտասանեց «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետի օգնական Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան, որ բարի գալուստ…
Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ «Կիլիկիա» Մատենադարանին, Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 06:30-ին, Կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իր բնոյթին մէջ իւրայատուկ դասախօսութիւն մը՝ «Թագադրման Ծէսը Կիլիկեան Հայաստանի Մէջ» վերնագիրով, զոր ներկայացուց Մաշտոցեան Մատենադարանի եւ Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտի գիտաշխատող փրոֆ. Վահէ Թորոսեանը: Դասախօսութեան իրենց…
ԱՐԱՄ ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՇՆՈՐՀՔ, ՍԷՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՏԵԱՌՆԷ ԵՒ ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ի ՄԷՆՋ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ ԹԵՄԱԿԱԼ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՑ, ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԵՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ, ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՈՅ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ,…
Երկուշաբթի գիշեր, 29 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետը Ժընեւէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ։ Վեհափառ Հայրապետին եւ Պատրիարքին խորհրդակցութեանց առանցքը հանդիսացաւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պատկանող «Կովերու Պարտէզ»ին շուրջ վերջերս ծագած խնդիրը։ Հայրապետը Պատրիարքին ուշադրութեան յանձնեց այս հարցին գծով մեր ժողովուրդին եւ շրջանին հետ առնչութիւն ունեցող երկիրներուն մօտ…
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ,.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ուղղած պատգամին, Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ին Վեհարանի դահլիճին մէջ համախմբուած ժողովուրդին Մայիս 28-ը սովորական տօն մը չէ. ան հոմանիշ է Հայաստանի անկախութեան եւ այդ անկախութիւնը պահպանելու, հզօրացնելու եւ ամրապնդելու մեր ազգին հաւաքական վճռակամութեան ու յանձնառութեան։ Ազատօրէն ապրելու ու մտածելու եւ ինքզինք կառավարելու, այլ խօսքով՝…
Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, Հանրապետական Մաղթանքի կատարումով եւ Սարդարապատի հերոսամարտին զոհուած հերոսներու հոգիներուն հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105 ամեակը՝ հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին։ Ապա, Հայաստանի անկախութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան տօներուն առիթով կոկիկ յայտագիր…
«Ներկայ տարին Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակն է։ Իր հարուստ իրագործումներով եւ հոգեմտաւոր մեծ վաստակով Սուրբ Ներսէս Շնորհալին եղած է հայ եկեղեցւոյ մեծագոյն ու բազմաշնորհ հայրապետներէն մէկը։ Իր եզակի արժանիքներով, Շնորհալին առանցքային ներկայութիւն դարձած է յատկապէս մեր եկեղեցւոյ ծիսական, աստուածաբանական, դաւանաբանական, միջ-եկեղեցական ու երաժշտական մարզերէն, եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս»։ Այս հաստատումով կը…
Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) 60 ամեակի «Ապագային Նայող Ու Ապագային Գացող Հայ Համալսարանակը» խորագիրով ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 20 Մայիս 2023-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ուսանողական համագումարներու շարքին երկրորդը՝ «Եկեղեցին Ու Հայ Երիտասարդը» թեմայով։ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի կազմակերպութեամբ սոյն համագումարներու շարքին հովանաւորն է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական…
Յաջողութեամբ բոլորեցաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնին կրթական 2022-2023 տարեշրջանը եւ երեք տարուան ծրագիրը աւարտած 13 ուսանողներ վկայուեցան՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 05:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ Կեդրոնի տնօրէնին, ուսուցչական կազմին եւ յանձնախումբին։ Առաջին հերթին խօսք առաւ Կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Շխրտմեան։…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Սուրբ Աթոռը, աշխարհատարած թեմերով, ազգային իշխանութիւններով ու յարակից կառոյցներով ու միութիւններով, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յայտարարութեան` մերժելով Արցախի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս նկատելու որեւէ մօտեցում ու ճիգ ոեւէ մէկուն, եւ այս պարագային յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ու իշխանութեան կողմէ։ Արդարեւ, 10 Դեկտեմբեր 1991-ին համաժողովրդային…
Ձեր տրամադրութեան տակ կը գտնուի ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթին Մարտ-Ապրիլ թիւը։ Կրնաք ընթերցել այս հասցէակապին միջոցով։
Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 21 Մայիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, սարկաւագական ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ձեռամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեանի։ Սարկաւագական կարգ ստացան Դպրեվանքի Բ.…
Ուրբաթ, 19 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութիւնը: Խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանը լայն զեկոյց մը ներկայացուց Հայրապետին՝ խնամակալութեան տարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Նորին Ս. Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց խնամակալութեան՝ անոր կատարած աշխատանքներուն համար, յատկապէս ներկայ ընկերատնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է…
Չորեքշաբթի, 17 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։ Ապա, Հայրապետին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան դոկտ. Սիմոն Քարամը։ Յիշեալ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան Լիբանանի ընկերատնտեսական կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը։