ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Երեքշաբթի, 17 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:

 

Դեսպանը Նորին Ս. Օծութեան պարզեց Հայաստանէն ու Արցախէն ներս տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Բերձորի (Լաչին) միջանցքին վերաբացման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:

 

Հայրապետը, իր կարգին, յայտնեց նոյն հարցին գծով իր հաստատած կապերը օտար շրջանակներու հետ եւ վերաշեշտեց մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան այս ճակատագրական պահուն համախմբուելու եւ միասնական ճիգով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու հրամայականը: