Մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի Պատրիարքը, Ուրբաթ, 27 Յունուար 2023-ի երեկոյեան, այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին Հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան ու Գրիգոր Մահսերէճեան եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցչի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։
Տեղի ունեցած քննարկումներուն հիմնական նիւթը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն էր։ Այս գծով կատարուեցաւ տեսակէտներու փոխանակում։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետին եւ ժողովականներուն առաջարկով որոշուեցաւ, որ յառաջիկայ շաբաթ, Պքէրքէի մէջ, տեղի ունենայ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում, որմէ ետք՝ քրիստոնեայ երեսփոխաններու, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքական մօտեցումներ ճշդել եւ նախագահական ընտրութեան առաջնորդող գործընթացքը դիւրացնել։