ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ՀԱՒԱՔԻՆ
Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2023-ին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդին զօրակցող եւ արգելափակումները դատապարտող հաւաք մը, կազմակերպութեամբ Լիբանանի ազգային տեղեկատուական կառոյցին եւ իսլամ կրօնական հաստատութիւններուն: Հաւաքին ներկայ էին Լիբանանի կրօնական եւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, քաղաքական գործիչներ, ընկերային ծառայողներ եւ իսլամ կրօնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, հաւաքին ներկայ գտնուեցան Հոգշ. Տ.…