Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Երէկ առաւօտ երկրորդ անգամ ըլլալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց յառաջիկայ Հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքին նուիրուած համաժողովին պատասխանատուները։

 

            “Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեանշարժումը Միացեալ Նահանգներու մէջ յառաջացաւ ու կազմակերպչական դրութիւն ստացաւ վերջին չորս տարիներու ընթացքին։ Այս ծիրէն ներս առաջին համագումարը տեղի ունեցաւ 2014-ին, ուր Վեհափառ Հայրապետը գլխաւոր խօսողներէն մէկն էր։ Յառաջիկայ համաժողովի օրակարգին վրայ պիտի ներառուին միջ-կրօնական գործակցութեան, կրօնական ծայրայեղութեան, ահաբեկչութեան, մարդկային իրաւանց եւ գաղթականներու կապուած հարցեր։ Յատուկ նիստ մը պիտի յատկացուի նաեւ հայ դատին։ Համաժողովին ներկայ պիտի գտնուին քոնկրէսմեններ, ծերակուտականներ եւ զանազան ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

 

            Վեհափառ Հայրապետը իր հիւրերուն պարզեց համագումարի աշխատանքներուն առնչուած իր պատկերացումները։ Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ “Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան-ի պատասխանատուները կը գործակցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեանի, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ։