ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ՍՓԻՒՌՔԸ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒՆ ԻՆՔՆԱՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, երէկ` Երեքշաբթի, 11 Յուլիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ ընթացք առաւ «Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» վերնագիրով համախմբումը: Հաւաքական քննարկումին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ժամանած մտաւորականներ, զանազան բնագաւառներէ ներս մասնագիտութեան…