«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ ԱՌՈՂՋ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ, ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Այսպէ՛ս պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 13 Յունիս 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հաւաքուած աւելի քան 200 հայ տիկիններուն։ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը ամէն տարի մեր եկեղեցւոյ առնչուած դէպքերու, դէմքերու, հոգեւոր արժէքներու եւ աւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի գիրքերու մեկնաբանութեան հետ աղերս ունեցող դասընթացքներ ու դասախօսական շարքեր կը պատրաստէ, նպատակ ունենալով հայ տիկիններուն ո՛չ…