3 Հունիսի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Այսօր՝ Շաբաթ, 3 Յունիս 2017-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը ուղղափառ միջ-խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Խորհրդարնի երեսփոխաններէն՝ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Մաթնի ուղղափառ համայնքի երեսփոխան՝ Ղասսան Մուխէյպէր։

Ուղղափառ երեսփոխաններու կազմակերպութիւնը ստեղծուած է շուրջ 25 տարիներ առաջ։ Անոր մաս կը կազմեն բոլոր երկիրներու խորհրդարաններու ուղղափառ երեսփոխանները։ Կազմակերպութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Աթենքի մէջ։ Ան տարեկան հանդիպումներ կը կազմակերպէ զանազան երկիրներու մէջ. ան ունի նաեւ իր գործադիր վարչութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետին այելեցին գործադիր վարչութեան մաս կազմող վեց անդամներ՝ Յունաստանէն, Ռուսիայէն, Պուլկարիայէն, Կիպրոսէն եւ Ռումանիայէն։

Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին ընդհանուր կերպով ներկայացուց ներկայ աշխարհը յուզող հարցերը, անդրադառնալով կրօնական ծայրայեղութեանց յառաջացուցած վտանգներուն։ Հայրապետը յատկապէս լուսարձակի տակ բերաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան դիմագրաւած տագնապները։ Ան շեշտեց Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը երէկ եւ այսօր հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, եւ կոչ ուղղեց կազմակերպութեան երկխօսութիւն ու գործակցութիւն ունենալու իսլամ երեսփոխաններու հետ, միասնաբար դիմագրաւելու ներկայ ժամանակներու խնդիրները։

Ապա, ներկաները անդրադարձան կազմակերպութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր ստանձնած կարեւոր պատասխանատուութեան։ Ներկաները նաեւ զանազան հարցերու գծով հարցումներ ուղղեցին Վեհափառ Հայրապետին։

Յայտնենք, որ ութ տարիներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը որպէս գլխաւոր դասախօս հրաւիրուած էր յիշեալ կազմակերպութեան տարեկան համագումարին Աթենքի մէջ։

More News