Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՏԸ ՄԻՍԹՈՒՐԱՅԻ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Երեքշաբթի, 20 Յունիս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ժընեւէն Տը Միսթուրայի փոխանորդ՝ Անթուան Լահհամին։ Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ նշանակուած Սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման ընդհանուր պատասխանատուն է Տը Միսթուրան եւ իր կեդրոնը կը գտնուի Ժընեւի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ։ Իր գլխաւորութեամբ տեղի կ’ունենան Սուրիոյ առնչուած հանդիպումներն ու բանակցութիւնները։ Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը անցնող տարիներուն հանդիպումներ ունեցած է Տը Միսթուրային հետ Ժընեւի եւ Աթէնքի մէջ։

 

         Վեհափառ Հայրապետին ու Տը Միսթուրայի փոխանորդին հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը, որուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իրազեկ դարձաւ Սուրիոյ տագնապի լուծման գծով տարուող աշխատանքներուն։ Նորին Սրբութիւնը իր կարգին շեշտեց Սուրիոյ վերաշինութեան, նոր սահմանադրութեան հաստատման ու քաղաքական բարեկարգութիւններուն գործընթացքին, Քրիստոնեայ համայքներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը, որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ։