25 June, 2017

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆՇԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 22-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

«Տէր ամենակալ, կ՚աղաչենք Քեզ, անսասան պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ անոր Սրբազնագոյն Գահակալին պարգեւէ արեւշատ առո՛ղջ կեանք, իբրեւ ազգընտիր Հովուապետ անհուն իմաստութեամբ եւ բոլորանուէր ծառայութեամբ հովուելու իր խնամքին եւ հոգածութեան ապաւինած զաւակները մեր հայ ժողովուրդին…»։ Այս բառերով աղօթեց Հայ Եկեղեցին, նշելով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 22-րդ տարեդարձը։

Արդարեւ, Կիրակի, 25 Յունիս 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իշխանութեան ներքեւ գործող բոլոր եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, որուն ընթացքին հոգեւորականներ աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ աղօթքներ վերառաքեցին` բարւոք ծառայութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ անսասանութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

Անթիլիաի Մայր Տաճարին մէջ, օրուան պատարագիչ Հայր Սուրբը՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան, իր քարոզին մէջ օրուան աւետարանական պատգամը փոխանցելէ ետք հաւատացեալներուն, վեր առաւ Նորին Սրբութեան նուիրեալ ծառայութեան բազում երեսները՝ յատկապէս շեշտելով. «Երբ Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսական Գահ բարձրացաւ, ժամանակը հասած համարեց, որ այս Աթոռը դուրս գար իր նեղ սահմաններէն եւ բացուէր անսահման աշխարհին, եւ այս անսահման աշխարհին մէջ ծնունդ տար սահման չճանցող գործունէութիւններու»:

Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Միաբան Հայրեր, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ հաւատացեալներ թափօր կազմած՝ ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան ուղերձ կարդաց Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեան եւ ըսաւ. «Վերջին քսան տարիներուն Անթիլիասին տարած գործունէութիւնը ի՛նք թող վկայէ աստուածընտրեալ Հովուապետինին մտքին հանճարին ծորումը Կիլիկիոյ դարաւոր գանձանակին մէջ։ Եւ եթէ այժմ, մենք սա պահուն չարտայայտուինք, Անթիլիասի Մայրավանքին սա սուրբ քարերը իրե՛նք պիտի աղաղակեն եւ ըսեն. Վեհափա՜ռ… քսաներկու տարիներ Անթիլիասի երկնակամարին վրայ շողաց Ձեր իմաստութեան անկորնչելի արեւը, որուն լոյսով լուսաւորուեցաւ բովանդակ հայ սփիւռքը»։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը նախ իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Իր անձին նկատմամբ արտայայտուած բոլոր բարեմաղթանքներուն համար եւ յիշեցուց, որ «մեր եկեղեցին ծառայութեամբ կը պայծառանայ եւ անոր առաքելութիւնը ծառայութեամբ կը կենսագործուի ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Անձերը, Կաթողիկոսներէն սկսեալ, միջոցներ են պարզապէս եւ ո՛չ նպատակ»։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը ըսաւ. «Անցնող քսաներկու տարիներու ընթացքին իմ շուրջս ունենալով մեր Միաբան Հայրերը եւ մեր ժողովականները փորձեցի մեր եկեղեցւոյ ծառայական գանձանակին մէջ, Աւետարանին բառերով, իմ համեստ լուման դնել։ Թերութիւններ վստահաբար որ ունեցանք, ձախողութիւններ կրնայ ըլլալ որ ունեցանք, սակայն ես կը հաւատամ, որ անցնող տարիներուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեր եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին կեանքին բոլոր մարզերէն ներս հաւատքով, սիրով ու նուիրումով ինքզինք իրագործեց բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ»։

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Ամեակները հրաւէր են ինքնաքննութեան, ինքնահայեցողութեան ու ինքնասրբագրումի. ամեակները նաեւ մարտահրաւէրներ են, աւելի՛ն ըլլալու, աւելի՛ն տալու՝ ծառայութեան ճամբով Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին եւ մեր արդար դատին»։

«Հայրապետական Մաղթերգի» եւ «Կիլիկիա» քայլերգի կատարումներէն ետք, ներկաները աջահամբոյրով իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Վեհափառին Հայրապետին եւ շնորհաւորեցին իր Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 22-րդ տարեդարձը:

More News