«ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆ ԱՌԱՒԵԼ ՈՐԱԿ ՏԱԼՈՒ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս սպասումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երէկ գիշեր՝ Հինգշաբթի, 27 Յուլիս 2017-ին, ողջունեց համալսարանաւարտները Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, իրենց ի պատիւ տրուած ընթրիքին ընթացքին։ «Ոեւէ ընկերութեան ամէնէն կենսական երակը կը կազմեն մասնագիտութեամբ թրծուած երիտասարդ համալսարանականները։ Անոնք է որ ընկերութեան կեանքը կը դնեն զարգացման ու յառաջդիմութեան մնայուն ընթացքի մէջ։ Անոնք է որ տուեալ ընկերութիւնը…