«Tele Lumiere» պատկերասփիւռի կայանին 27-ամեակին առիթով, հաստատութեան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Մարոնիթ Պատրիարքարանէն ներս։ Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, որու ընթացքին Րաաի Պատրիարքը իր գնահատանքը յայտնեց «Tele Lumiere»-ի հոգեւոր առաքելութեան, ո՛չ միայն Միջին Արեւելքէն ներս, այլեւ աշխարհի չորս տարածքին։ Յիշեալ հանդիսութեան ներկայ եղան Կաթողիկոսարանիս Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեան։ Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, անոնք իրենց գնահատանքը յայտնեցին պատկերասփիւռի կայանին եւ Րաաի Պատրիարքին փոխանցեցին Նորին Սրբութեան եղբայրական ողջոյնները։
Յայտնենք, որ սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունի Տեղեկատուական Բաժանմունքին եւ «Tele Lumiere» պատկերասփիւռի կայանին միջեւ։