24 June, 2017

“ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՈՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՆՏԵՂԻՏԱԼԻ ՊԱՀԱՆՋՔՆ Է”   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ  

 

Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ ընդունելով 25 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդին անտեղիտալի կեցուածքն է ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը»։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հայ, արաբ, քիւրտ, թուրք, եզիտի, ասորի, ռուս, գերմանացի, պատմագէտներ, քաղաքական գործիչներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ ու երեսփոխաններ։ Անոնք կը գտնուէին Լիբանան Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու իրաւունքներուն նուիրուած համագումարին մասնակից դառնալու։ Բնականաբար, այդ ծիրէն ներս իրենց քննարկումներուն նիւթ դարձած էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

           

            Վեհափառ Հայրապետը նախ ընդհանուր գծերով անդրադարձաւ թէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը, ցեղասպանութիւնը ու ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը տեսական կամ քաղաքական հարցեր չեն, այլ անոնք առանցքային տեղ կը գրաւեն միջազգային օրէնքէն ներս։ Մարդկային Իրաւանց հռչակագրէն սկսեալ մինչեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ որդեգրուած օրէնքները, սկզբունքները ու յայտարարութիւնները յատուկ կարեւորութեամբ կ’ընդգծեն ցեղասպանութեան ճանաչումը ու անոր անմիջականօրէն առնչուած ցեղասպանութեան հետեւանքներու սրբագրումը ու վերականգնումը, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։ Նորին Սրբութիւնը հպանցիկ ակնարկ մը նետեց նաեւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած կալուածներու վերադարձին ու այդ ծիրէն ներս Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքին։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք աղերս ունէին թէ՛ ցեղասպանութեան եւ թէ՛ իրաւազրկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերահաստատման հետ։

More News