Երէկ երեկոյեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ժամ հանդիպում–զրոյց մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Ուսմանց դասընթացքի ուսանողուհիներուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետին բնորոշումով, մեծապէս գօտեպնդիչ պահ մը ստեղծուեցաւ՝ ի տես հայագիտական մարզէն ներս ուսանողուհիներուն ձեռք ձգած լայն ծանօթութիւններուն ու ինքնավստահութեան։
Շուրջ երեք տարիներէ ի վեր Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հովանաւորութեան տակ գործող հայագիտական այս ձեռնարկը հետզհետէ կը կազմակերպուի՝ իր շուրջ համախմբելով ազգային վարժարաններէն ներս դասաւանդող ուսուցչուհիներ եւ հայագիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունեցող երիտասարդ-երիտասարդուհիներ։ Ժիրայր Դանիէլեանին ղեկավարութեամբ գործող այս կառոյցի ուսուցչական կազմին մաս կը կազմեն հայագիտական մարզէն ներս լայն փոռձառութիւն ունեցող ուսուցիչներ ու մտաւորականներ՝ Լիբանանէն ու Հայաստանէն։ Ներկայ տարին 35 ուսանողներ մասնակցած են դասընթացքին։
Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց հայագիտութեան իմաստը, կարեւորութիւնը ու նպատակը։ Ան յատկապէս նշեց, որ հայագիտութիւնը պէտք է մնայ Հայաստանի իշխանութեան անմիջական նեցուկը վայելող մասնագիտութիւն։ Դժբախտաբար, Սփիւռքէն ներս այս ուղղութեամբ առնուած քայլերը եղած են երբեմն թերի, միակողմանի եւ երբեմն ալ անհրաժեշտ քաջալերանքը ու աջակցութիւնը չեն ստացած, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Այսօր, փաստօրէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն է որ ձեռնարկած է նման աշխատանքի մը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ըսաւ, որ Արեւմտեան երկիրներու կարգ մը համալսարաններու մէջ հայագիտական ամպիոնները կամ դասընթացքները առաւելաբար ձեւական են ու մասնակի եւ չունին անցեալի որակը։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեց 47 տարիներ առաջ Օքսֆորտի համալսարանին մէջ իր ունեցած հանդիպումները Տաուսէթ եւ Թոմսըն հայագէտներուն հետ եւ ցաւով յայտնեց, որ այսօր նման լուրջ հայագէտներ սկսած են պակսիլ, ինչպէս նաեւ հայագիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունեցողները։ Այսօր, փաստօրէն արեւմտահայերէնը կը նահանջէ, հայու ինքնութիւնը կը գունաթափի, մեր արժէքներուն նկատմամբ մեր ծանօթութիւնը կը նօսրանայ, յայտնեց Նորին Սրբութիւնը։
Այս կացութեան ողբը միայն պիտի չհիւսենք այլ պէտք է այնպիսի նախաձեռնութիւններու դիմենք, որով կարելի ըլլայ մեր արմատները զօրացնել յատկապէս Սփիւռքի մէջ, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը ու ապա աւելցուց՝ հայագիտութիւնը մեզի համար միայն մասնագիտութիւն պէտք չէ դառնայ, այլ մեր ինքնաճանաչման ու ինքնահաստատման ազդու միջոց։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գնահատեց այն բոլոր դասախօսները, որոնք Անթիլիասի հայագիտական ձեռնարկին մասնակից դարձած են եւ մեծապէս օգտակար հանդիսացած եւ կոչ ուղղեց ունեւոր ազգայիններուն, որ օգտակար կը հանդիսանան նման նախաձեռնութիւններու։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը լսեց Ժիրայր Դանիէլեանի ու Կարօ Յովհաննէսեանի վկայութիւնները՝ անցնող կրթական շրջանի աշխատանքներուն մասին։ Ուսանողուհիներ խօսք առնելով իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին ու միաժամանակ առաջարկներ ներկայացուցին Վեհափառ Հայրապետին։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ ներկայ դասընթացքը պիտի շարունակուի աւելի կազմակերպ կերպով, յատուկ վկայականներ պիտի տրուին դասընթացքը աւարտողներուն, ինչպէս նաեւ պիտի ուսումնասիրուի պետական վկայականներ ապահովելու կարելիութիւնները։