11 June, 2017

ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԵՒ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ ՈԳԵՂԷՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՇԱՐՔԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ հայակերտումի ու մարդակերտումի առաքելութեան լծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, այսօր առաւել յանձնառութեամբ ու ամբողջական գիտակցութեամբ կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ սփիւռքահայութեան մատակարարելով անշահախնդիր ծառայող հոգեւորականներ եւ գիտակից հայ մշակներ։ Դպրեվանքը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, այս տարի եւս, ան ազգին ընծայաբերեց երկու նուիրեալ նորաօծ կուսակրօն քահանաներ։

Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Շաբաթ, 10 Յունիս 2017-ի երեկոյեան Կիրակնամտից ժամերգութեան աւարտին, ձեռամբ ձեռնադրիչ՝ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Կաթողիկոսարանիս Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն՝ Բարշ. Հրայր Սրկ. Տաղլեան եւ Բարշ. Մովսէս Սրկ. Խաչատուրեան, կուսակրօն քահանայութեան իրենց առաջին քայլերը ծնկաչոք ուղղեցին դէպի Սուրբ Խորան։ Կոչման արարողութեան ընթացքին, ընծայեալները նզովեցին բոլոր հերետիկոսներն ու հերձուածողները եւ յօժարակամ ընդունեցին հետեւիլ եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն։ Ապա, առաջի Աստուծոյ, միաբանութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին Ուղղափառ Դաւանանքը արտասանելէ ետք, անոնք ընթերցեցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամագրուելու ուխտագրերը։

Կիրակի, 11 Յունիս 2017-ի առաւօտուն, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, խարտաւիլակ Հայր Սուրբին առաջնորդութեամբ եւ սաղմոսներու ընթերցանութեամբ, ընծայեալները ծնկաչոք բարձրացան Ս. Խորան։ «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ, անոնք հրաժարելով աշխարհէն ու աշխարհայինէն՝ իրենց անձերը ընծայաբերեցին Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ։ Ապա, «Կենդանարար Աստուած» շարականի երգեցողութեան պահուն, խարտաւիլակ Հայր Սուրբը Միւռոնաթափ Աղաւնին յանձնեց ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր։ Արդարեւ, Սրբազան Հայրը Ս. Միւռոնով օծելով ընծայեալներուն ճակատն ու ձեռքերը, Բարշ. Հրայր Սրկ.ը վերանուանեց Տ. Հեթում քահանայ, իսկ Բարշ. Մովսէս Սրկ.ը՝ Տ. Աշոտ քահանայ։ Ապա, նորաօծ քահանաները իրենց անդրանիկ օրհնութիւնը բաշխելէ ետք ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին, ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը «Եղէք նոր մարդ մը Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը արդարութեամբ եւ սրբութեամբ» որպէս բնաբան ունենալով՝ իր քարոզը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ յորդորեց նորընծայ քահանաները։

Ձեռնադրիչ Սրբազանը իր քարոզին մէջ յատկապէս շեշտեց հետեւեալ մտածումը. «Երէկ, Կոչման արարողութեան ընթացքին, դաստիարակչական վերջին կարեւոր հանգրուանին, ձեզի ներկայացուեցաւ Քրիստոսի կերպարը, որ կը հրաւիրէր ձեզ՝ ըսելով թէ «ով որ կ՚ուզէ ինծի աշակերտ ըլլալ, ինծի պիտի հետեւի»։ Եւ դուք հեզութեան, խոնարհութեան, աղքատութեան, նեղութեան, նախատինքի ու հալածանքի ընդմէջէն պիտի երթաք հոն, որ Տէրը պատրաստած է իր ժողովուրդին ու յատկապէս այս պարագային ձեր երկուքին։ Դուք, հաւատքի ձեր ամրութեամբ, ինչպէս նաեւ ձեր ուխտագրերու կնքումով, պէտք է ամէն օր ձեր առանձնական աղօթքին, հոգիին եւ աչքերուն առջեւ ունենաք Քրիստոսի կերպարը՝ այնպէս ինչպէս դրոշմուեցաւ Տիրոջ օրէնքը Հին Կտակարանի ժողովուրդին դիմաց»։

Ապա, «Ողջոյն»ի երգեցողութեամբ եւ Նորին Սրբութեան առաջնորդութեամբ, միաբան հայրերը բարձրացան Ս. Խորան եւ համբուրելով նորընծաներուն ճակատն ու ձեռքերը՝ շնորհաւորեցին անոնց քահանայական օծումը։

Յընթացս Ս. Պատարագին, նորըծաները մկրտութեան Աւազանին մէջ ձեռքերու լուացումը ընդունեցին իրենց կնքահօր՝ Տէր եւ Տիկին Ալեքս Գալօղլեանի կողմէ։ Ապա, «Հայր մեր»ի երգեցողութենէն առաջ, տեղի ունեցաւ կուսակրօն քահանայութեան խորհրդանիշ՝ Վեղարի օրհնութիւնը։

Պատարագի աւարտին, ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը նորընծաները առաջնորդեց Վեհարան՝ ստանալու համար Վեհափառ Հայրապետին հայրական օրհնութիւնները։ Ապա, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, նորօք ձեռնադրեալ աբեղաները Մայր Տաճարին մէջ ընդունեցին ժողովուրդին աջահամբոյրն ու շնորհաւորութիւնները։

Յայտնենք, որ նորընծայ երկու միաբաններու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան միանալուն ուրախ առիթով, Դպրեվանքին մէջ պտղասեղանի շուրջ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք, որուն ընթացքին կատարուեցաւ աւանդական «Բենիամինութեան» փոխանցումը։

Նշենք նաեւ, թէ նորընծայ աբեղաները քառասնօրեայ հոգեմտաւոր պատրաստութեան եւ կազմաւորման շրջանը պիտի անցընեն Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ մեկուսանալով, որպէսզի աղօթքով ու պահեցողութեամբ առաւել զինուելով՝ պատրաստուին իրենց նոր առաքելութեան։

More News