22 July, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 10-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ

 Ընդառաջելով իրեն ուղղուած խնդրանքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ջերմօրէն ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 10-րդ մարզախաղերը, որոնք տեղի ունեցան Երեւանի մէջ։
 
Այս առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ուղղած իր Օրհնութեան եւ Գնահատանքի Գիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը գրէր.- «Անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր աշխարհացրիւ կառոյցներով ու անդամներով եղաւ տիրական ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու գանձարանը ու դպրոցը դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը։ Ազգին ու հայրենիքին պատկանելիութեան խոր գիտակցութեամբ եւ այդ պատկանելիութիւնը յանձնառու ծառայութեան վերածելու նախանձախնդրութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կարեւոր ներդրում բերաւ մեր ժողովուրդին՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի գաղութներէն ներս»։
 
Ապա Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը կ’արտայայտէր գրելով՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ գնահատողը եղած է մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս գործող բոլոր միութիւններու շարքին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։ Իր առաքելութեան 100-ամեակի սեմին, վստահ ենք որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը պիտի վերանորոգէ իր հաւաքական ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու Հայաստանի առաւել ծաղկման, Արցախի անկախութեան առաւել ամրապնդման, Սփիւռքի առաւել կազմակերպման եւ պահանջատիրական պայքարին առաւել զօրացման»։