5 Հունիսի, 2017

ԴՊԻՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

 

«Ի՜նչ սիրելի է տաճարդ, ամենակալ Տէր, ամբողջ հոգիով կը ցանկամ եւ կը փափաքիմ գաւիթներուդ մէջ բնակիլ» սաղմոսի առաջնորդութեամբ, Կիրակի 4 Յունիս 2017-ին, հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տասը ժառանգաւորներ ստացան դպրութեան աստիճան եւ Ա. Ընծայարանի երեք սաներ՝ կիսասարկաւագութեան կարգ:

Ձեռնադրութեան կարգը կատարեց եւ յաւուր պատշաճի օրուան պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի։

            Կիսասարկաւագութեան կարգ ստացան Գրիգոր Արապաթլեան, Նուպար Փամփալեան եւ Ղազար Քէօշկէրեան, իսկ դպրութեան աստիճան ստացան Շանթ Գատէհճեան, Անդրանիկ Մինասեան, Էմմանուէլ Սիրջանեան, Հրակ Գըրտանեան, Գասպար Թովմասեան, Քրիստափոր Մինասեան, Զաւէն Ղազարեան, Սթիւ Նուրեան, Երուանդ Պիթարեան եւ Ժագ Ֆաննունեան:

            Ձեռնադրութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը իր յորդորները փոխանցեց նոր ձեռնադրեալ դպիրներուն ու կիսասարկաւագներուն, եւ խօսեցաւ Հոգեգալուստի խորհուրդին մասին, յորդորելով ձեռնադրեալները հետեւելու Աստուծոյ խօսքերուն։ Ան իր քարոզին մէջ շեշտեց Աստուծոյ ներկայութեան կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս՝ ըսելով. «Եթէ մտիկ ընէք Աստուծոյ խօսքերը, պիտի գեղեցկանաք հոգիով, սիրտով, միտքով եւ ամբողջ էութեամբ, որովհետեւ երբ Աստուծոյ խօսքը մտիկ կ՚ընէք ու այդ մէկը կեանքի կը կոչէք, այն ատեն Սուրբ Հոգիով կը լեցուիք: Դուք բոլորդ այսօր աստիճան մը բարձրացաք Աստուծոյ տան սպասարկութեան համար, բայց պէտք է զգոյշ ըլլաք. եթէ ձեր սիրտին մէջ Աստուծոյ կրակը չըլլայ եւ եթէ Սուրբ Հոգին ամէն օր ձեր կեանքին մէջ չզգաք, զԱստուած ապրեցուցած չէք ըլլար ձեր սիրտերուն մէջ»:

            Պատարագի աւարտին Դպրեվանքի Տեսչութեան անդամներն ու նոր ձեռնադրուած դպիրներն եւ կիսասարկաւագները ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը:

 

More News