19 Հուլիսի, 2017

«ՍՓԻՒՌՔԸ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒՆ ԻՆՔՆԱՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ» ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԷՆ ԲՂԽԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 
 
11-13 Յուլիս 2017-ին, նախաձեռնութեամբ եւ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի համալիրին մէջ, տեղի ունեցաւ «Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» թեմայով համաժողովը։ Համաժողովին մասնակցեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան։
 
Այժմէական եւ հրատապ այս խնդրի քննարկումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սփիւռքէն եւ Հայաստանի հանրապետութենէն պատմագէտներ, ազգագրագէտներ, ակադեմականներ, հասարակաան եւ տեղեկատուական մարզերու գործիչներ՝ տարբեր սեռի եւ տարբեր սերունդներու պատկանող։
 
Քննարկումներուն համակողմանի մօտեցում ապահովելու համար օրակարգի ենթաբաժիններ նկատի առնուած էին ինքնութեան հարցը` պատմական, լեզուական, կրօնական, մշակութային, ընտանեկան եւ գաղափարախօսական հայեցակէտերէ դիտուած։
 
Օրակարգի յատուկ կէտերով քննարկուեցան ինքնութեան խնդիրներու ուղղութեամբ համաշխարհայնացման ազդեցութիւնները` պահանջատիրական հասկացողութեան, իսլամացած հայ զանգուածի եւ հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան մերօրեայ գործընթացներուն վրայ։
 
Նկատի ունենալով այս հիմնահարցի անդադար արդիականացուող բնոյթն ու անկէ բխած մարտահրաւէրները, վեհափառ հայրապետը հունաւորեց աշխատանքներու ընթացքը, միաժամանակ յստակացնելով, որ համաժողովի այս հարցերու քննարկումը պէտք չէ յանգի բացարձակ եզրայանգումներու կամ խնդիրներու ձեւակերպման ուղղութեամբ սահմանագծումներ ճշդելու։
 
Փորձագիտական զեկուցումնրն ու անոնցմէ բխած քննարկումները, հարցադրումներու ճամբով քննական հարթութեան վրայ տեղադրեցին խիստ այժմէական էութիւն ունեցող ինքնութեան հարցին հետ կապուած բոլոր վերոնշեալ երեւոյթները։
 
Համաժողովը արձանագրեց հետեւեալ դիտարկումները.
Ա) Ինքնութեան խնդիրը պատմութեան զանազան հանգրուաններուն զգալի դարձած է, յատկապէս զինուորաքաղաքական եւ կրօնամշակութային մակարդակներու վրայ անկիւնադարձային իրադարձութիւններու ընդհանուր բովին մէջ։
Բ) Սփիւռքեան իրավիճակը այսօր կը ներկայանայ զանազան ինքնութիւններու ներկայացուածութեամբ, ինչ որ 21-րդ դարու հայ ինքնութեան մասին նոր բնութագրումներու մասին կը յուշէ։
Գ) Ինքնութեան վտանգը գոյութեան վտանգ կը նշանակէ։ Հետեւաբար այս առումով ինքնութեան հիմնախնդիրը կը ստանայ ռազմավարական նշանակութիւն եւ հայ մարդու կորուստի վտանգի նկատառումով նաեւ անվտանգութեան հետ կապուած խնդիր։
Դ) Ինքնութեան բնութագրումի ժամանակակից փորձերը մի քանի դասակարգումի տակ կը բանաձեւեն այսօր ինքնութիւնը.
.Ներգործօն ինքնութիւն
.Կրաւորական ինքնութիւն
.քնացած ինքնութիւն
.Տժգունած ինքնութիւն
Ե) Ինքնութեան հետ կապուած ինքնահասկացողութիւնը կը դիտուի յարաբերաբար այսօրուան Հայաստանի եւ վաղուան կերտելիք հայրենիքի հետ։Այս տեսութեան քննարկումը նկատի կ՜ունենայ Հայաստան աշխարհը իբրեւ վախճանական նպատատակէտ հայ մարդու ինքնութեան, գոյութեան եւ ազգի շարունակականութեան ապահովման համար։
Զ) Հայկական ինքնութեան կերտիչ դասական բաղադրատարրերուն անհրաժեշտութեան գիտակցումով հայ մարդու ինքնութեան սահմանումը չի պայմանաւորուիր այս կամ այն բաղադրիչով եւ պայմաններու բացարձակացումով։
Է) Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սփիւռք գործակցութեան զանազան ուղղութիւններուն համար Հայաստանի հանրապետութիւնը նկատի ունենալ իբրեւ հիմնական ջրտուք եւ սնունդ հայթայթողը։
Ը) Այսօրուան սփիւռքահայ մարդու պատկանելիութիւններու ներդաշնակումը անհրաժեշտ գործոն կը նկատուի ինքնութեան խնդրի յաղթահարման համար հետզհետէ սուր կերպով արծարծուող երեւոյթին։
Թ) Պահանջատիրութիւնը ընկալել իբրեւ ինքնութեան պահպանման հզօրագոյն յենասիւներէն մէկը։Պահանջատիրութիւն յղացքին տալ նոր բովանդակութիւն` Հայաստանի հանրապետութեան հզօրացում, Արցախի միջազգային ճանաչում, Ազրպէյճանի հետ առնչուած իրաւական խնդիրներու բարձրացում։Պահանջատիրութիւն հասկացողութեան առանցքային կիզակէտը նկատել Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրն ու հատուցումներու թղթածրարը։
Ժ) Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ամրապնդման համար կարեւոր միջոց է եւ մասնակցութեան հրաւէրի ամրագրուած գործօն։
ԺԱ) Համացանցի ճիշդ ու նպատակային օգտագործումը արդիւնաւէտ միջոց կրնայ համարուիլ ոչ միայն հայկական կեանքին հետ առնչուածներու, այլ նաեւ իրենց հայկական ինքնութեան մասին տարտամ պատկերացում ունեցողներու հաւաքագրման եւ ուղերձներու փոխանցման ուղղութեամբ։
ԺԲ) Ինքնութեան խնդիրներ ունեցող կրօնափոխ հայ զանգուածներու թղթածրարը բերել պետութեան եւ սփիւռքահայ կառոյցներու գործադաշտ, միաժամանակ նշելով որ այս թղթածրարը բաւական բարդ եւ ազգային_քաղաքական յատուկ մօտեցումներ պահանջող աշխատանք կ՚ենթադրէ։
ԺԳ) Նկատի ունենալով ինքնութեան ժամանակակից տարբեր արտայայտչաձեւերը, հարցերը արծարծել կաղապարումներէ դուրս, էութիւնը պահպանելով եւ փոխելով երեւոյթներն ու ձեւերը։
ԺԴ) Աշխարհաքաղաքացիական տրամաբանութեամբ աշխարհաքաղաքացի հայ ստեղծելու եւ հայու ինքնութեան նոր բնօրինակ հրամցնելու արուեստական փորձերը, որոնք կը կատարուին որոշ շրջանակներու կողմէ չեն լուծեր հայ անհատի ինքնութեան, ազգային պատկանելիութեան եւ հայրենական բնօրաննի հետ աղերս ունենալու կոչուած առաջնային խնդիրները։
 
Ինչպէս կը նկատուի, վերոյիշեալ կէտերը այսօրուան հայկական աշխարհին պարզած եւ ինքնութեան հիմնախնդրի հետ կապուած կացութիւններու, իրավիճակներու, խնդիրներու, դժուարութիւններու եւ ընդհանրապէս երեւոյթներու հետ կապուած ընդհանուր դիտարկումներ են, հետագային կազմակերպուելիք աշխատանքներու ուղղութիւններ հարթող նախանիշեր։
 
Համաժողովի եզրափակիչ խօսքին մէջ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ այս հիմնախնդրի քննարկումը շարունակականութիւն պիտի ունենայ եւ այս հարցին հետ առնչուած տարբեր թեմաներու շուրջ նման համաժողովներ պիտի կազմակերպուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ։ Նկատի ունենալով նաեւ ինքնութեան հարցի շարունակական գործընթացը վեհափառը թելադրեց, որ մասնակիցները իրենց մասնագիտական աշխատանքներու ընթացքին արծարծուած ուղղութիւններուն շուրջ հրապարակային քննարկումներ կատարեն` գիտաժողովներով, հրապարակագրութեամբ եւ տարբեր առիթներու ելոյթներով։
 
Հայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերու մէջ գործող տարբեր ոլորտներու հայ գիտական մտքի ներկայացուցիչները խոր գոհունակութիւն յայտնեցին նման այժմէական թեմայի մասին կազմակերպուած բարձրորակ քննարկումներով յատկանշուած այս համաժողովի կազմակերպման համար։
 

More News