«ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ»

Արաբերէն լեզուով, աւելի քան հազար էջերու վրայ տարածուած հատոր մը լոյս տեսաւ վերջերս, որ կը կրէ «Արեւելեան Եկեղեցիներու Նահատակները» խորագիրը: Հատորը լոյս տեսաւ Լիբանանի Ամերիկեան Գիտական եւ Արհեստագիտական Համալսարանի (AUST) կողմէ: Գիրքին նախաձեռնութիւնն ու պատրաստութիւնը ստանձնած է Մարունիթ եկեղեցւոյ Դպրեվանքի Սանուց Միութիւնը:

Շուրջ Տարի մը առաջ, սոյն հատորին խմբագրական կազմը հանդիպում ունեցած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ եւ լսած Անոր թելադրանքները նման կարեւոր ծրագրի մը իրագործման գծով:

Յայտնենք, թէ յիշեալ հատորին մէջ ներառուած են նաեւ Մերձաւոր Արեւելեան Երկիրներու մէջ նահատակուած Հայ Սուրբերը: