ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԳԵՐՇ. Տ. ՆՈՐԱՅՐ ԵՊՍ. ԱՇԸԳԵԱՆԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄՆ ՈՒ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ

«ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԿԱՅԱԿԱՆԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Է»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկուշաբթի 24 Յուլիս 2017-ին, շրջապատուած միաբան հայրերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. ԿաթողիկոսԱնթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, վերջին օծումը կատարեց հոգելոյս Տ. Նորայր Եպիսկոպոս Աշըգեանին։

Իր դամբանական խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ հանգուցեալ Սրբազանին քառասուն տարիներու նուիրեալ ծառայութեան՝ թէ՛ Վանքէն եւ թէ՛ թեմերէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ըսաւ.«Նորայր Սրբազանը համալսարան չգնաց, համալսարանական վկայականներու չտիրացաւ. իր միա՛կ վկայականը եղաւ անշահախնդիր ծառայութիւնը՝ Հայ Եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Հայ հոգեւորականին բարձրագոյն վկայականը ծառայութիւնն է։ Այս համոզումով ու նուիրումով ծառայեց Նորայր Սրբազանը, հաւատարմութիւնը ու համեստութիւնը դարձնելով իր ծառայութեան ամէնէն յատկանշական երեսները»։

Հանգուցեալ Սրբազանին քառասուն տարիներու ծառայական կեանքին մէջ յատկապէս երեք բնագաւառներ միշտ մնացին տիրական.

Ա) Մեր եկեղեցւոյ ծիսական կեանքը։ Ներկայ աշխարհի պայմանները այնպիսին են, որոնք յաճախ մեզ կը հեռացնեն ընդհանրապէս եկեղեցւոյ կեանքէն ու յատկապէս անոր ծէսէն։ Այս փորձութեան մէջ կը գտնուին նոյնիսկ հոգեւորականներ։ Նորայր Սրբազանը միշտ մասնակից եղաւ մեր եկեղեցւոյ ծէսին։ Ան ո՛չ միայն սիրեց մեր ծէսը ու անոր շարականներն ու աղօթքները, այլեւ ապրեցաւ իր կեանքին մէջ յաճախակիօրէն շարականներ ու մեղեդիներ երգելով եկեղեցիէն ներս թէ դուրս։

Բ) Մեր Սուրբ Աթոռին հրատարակչական մարզը։ Որպէս երկար տարիներու Կաթողիկոսարանի տպարանի տեսուչ ո՛չ միայն մօտէն հետեւեցաւ տպագրական աշխատանքներուն, այլ նաեւ հետեւողական ճիգ թափեց տպարանը արդիականացնելու նոր սարքաւորումներով, ինչպէս նաեւ օգտակար հանդիսանալով Կաթողիկոսարանի հրատարակութիւններու բարւոք կատարման։ Այլ խօսքով Սրբազանը միշտ մնաց հայ գիրքին մօտ։

Գ) Թեմական ծառայութիւն։ Հանգուցեալ Սրբազանին թեմական ծառայութեան մէջ առանցքային տեղ ունեցաւ Ճէզիրէն (Սուրիա), ուր երկար տարիներ ծառայեց, եւ ուր իր անունը մինչեւ այսօր գնահատանքով կը յիշուի։ Սրբազանը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի հայութեան։

Այս երեք կէտերուն մէջ ամփոփելէ ետք հանգուցեալ Սրբազանին ծառայական կեանքը, Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Միաբանութեան, անոր ծնողքին եւ բարեկամներուն։ Վերջին օծումէն անմիջապէս յետոյ, Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Թաղման Կարգը Մայրավանքի Միաբանութեան դամբարանին մէջ։ Ապա, Հայրապետը Վեհարանին մէջ ընդունեց ցաւակցութիւններ։

Յայտնենք, որ այս տխուր առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը,Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Նորին Ամետապատուութիւն Նուրհան Արք.Մանուկեանը եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանը, ինչպէս նաեւ թեմակալ առաջնորդները իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին։