23 June, 2017

ՄԻՕՐԵԱՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, կազմակերպեց Ուխտագնացութիւն մը, դէպի Լիբանանի Տէր Էլ Ամար Գիւղ, յերկրպագութիւն Սուրբ Խաչին՝ «Ժապալ Էլ Սալիպ» եւ օրհնաբանելու Աստուածածին Մարիամը՝ «Սայիտէթ Էլ Թէլլի» եկեղեցներուն մէջ։

            Արդարեւ, 20 Յունիս, 2017-ի առաւօտեան, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուած կանոնական աղօթքէն ետք, 125 ուխտաւորներ, իրենց աղօթասացութիւնը շարունակեցին փոխադրակառքերուն մէջ, ապա հիւրընկալուեցան նախաճաշով։

            Ուխտաւորներուն առաջին հանգրուանը եղաւ «Ժապալ Էլ Սալիպ» (Սուրբ Խաչի Լեռ) մատուռը, ուր յետ հաւաքական աղօթասացութեան, օրուան առաջին խորհրդածութիւնը կատարեց Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգլճեանը, խօսելով համանուն Եկեղեցւոյ մենակեաց «Ապունա Եաագուպ»ի մասին, որ վերջին տարիներուն սրբադասուեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կողմէ։

            Ուխտաւորութեան երկրորդ հանգրուանը եղաւ «Սայիտէթ Էլ Թէլլի» հրաշագործ Եկեղեցին, ուր յետ հաւաքական աղօթասացութեան, «Համբերութեան» մասին խորհրդածեց Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեանը, որմէ ետք, Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ հրաշագործութեանց մասին խօսեցաւ Հայր Ժոզէֆ‎‎‎‎‎‎‎‎ Շալհուպ‎, որուն հօրենական մեծ մայրը հայ եղած է։ Աւարտին Խօսք առաւ նաեւ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ եւ Վանահայր Հայր Մարսէլ Ապի Խալիլ։

            Կէսօրուան սիրոյ սեղանը տեղի ունեցաւ Մխթարայ գիւղի «Նապը Մրշիտ» գեղատեսիլ ճաշարանին մէջ։

            Ուխտագնացութեան երրորդ հանգրուանը եղաւ շրջանի Ազունիէ Գիւղի մէջ հաստատուած Հայ Ազգային Բուժարանը։ Ուխտաւորներուն ժամանումով, պատսպարեալները ուրախ ժամանակ անցուցին։ Այս առիթով «Բարի պտուղներու» մասին խորհրդածեց Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանը, որմէ ետք կատարուեցաւ «Անդաստան»։ Աւարտին, Ուխտաւորներն ու պատսպարեալները համատեղ պտղասեղանի մը շուրջ հաւաքուեցան։ Այս առիթով ուխտաւորները այցելեցին բոլոր անոնց, որոնք կարելիութիւն չունէին իրենց անկողիններէն դուրս գալու, իսկ Հայր Սուրբերը Հաղորդեցին բոլոր պատսպարեալները։

            Երեկոյեան, ուխտաւորները վերադարձան իրենց տուները հոգեկան ցնծութեամբ եւ ուրախ տրամադրութեամբ։

More News