Շաբաթ, 8 Յուլիս 2017-ի առաւօտու, շուրջ 150 օտար ուխտաւորներ այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը:
Ուխտաւորները դիմաւորեց եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մասին բացատրութիւններ փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդ Միաբան Հայրերէն Հոգշ. Տ. Թաթուլ Աբղ. Գարտանաքեանը:
Ուխտաւորներ շրջեցան Վանքին զանազան բաժանմունքները եւ ապա ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Օրհնութիւնը: