Շաբաթ, 3 Յունիս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի խումբ մը դասախօսներու։ Ներկաները երկար տարիներէ ի վեր յիշեալ համալսարանէն ներս կը դասաւանդեն զանազան մարզերու առնչուած նիւթեր։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, ինչպէս նաեւ այս առիթով հարցազրոյց ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ, համալսարանին կողմէ պատրաստուելիք յատուկ հրատարակութեան մը համար։
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ոչ միայն լայն տեղեկութիւններ փոխանցելու ներկաներուն, այլեւ ժամանակակից կարգ մը հարցերու շուրջ իմանալու Նորին Սրբութեան վերլուծումներն ու տեսակէտները։ Դասախօսները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին գործակցելու մեր Սուրբ Աթոռին ու յատկապէս Դպրեվանքին հետ։