Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
«ՄԻԱՑԵԱԼ ՃԻԳՈՎ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՇԵՇՏԵԼ՝ ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԸ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՈՎ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Կիրակի, 17 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի Դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի եւ Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպած հայ լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան, մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւնը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութիւնը վայելող այս ձեռնարկին ներկայ էին Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերը, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, ազգայիններ, տնօրէններ, հայերէնաւանդ նիւթերու դասատուներ, դատակազմերու անդամները, աշակերտներն ու անոնց ծնողները։
Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը։ Առ այդ, բացման խօսքով հանդէս եկաւ կրթական-հայագիտական բաժանմունքի վարիչ՝ Տիար Ժիրայր Դանիէլեան։ Բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ան լուսարձակի տակ առաւ հիմնադրամին վերջին ինը տարիներուն նուաճումները, այնուհետեւ «մատը վերքին վրայ» դնելով՝ թուեց հայագիտութեան դիմագրաւրող մարտահրաւէրները, որոնց դիմակալումը կը պահանջէ ծրագրաւորում եւ լուրջ հետեւողական աշխատանք։ Խօսքին երկրորդ բաժինով վարիչը համեմատական մը կատարեց նախորդ տարուան ու այս տարուան աշակերտութեան թուային ներկայութեան միջեւ։ Այս տարի 122 թեկնածուներ մասնակցած են վերոյիշեալ մրցանքին, որոնցմէ 23-ը մրցանակակիր են, իսկ 10-ն՝ յիշատակութեան արժանացած են։
Իր խօսքի աւարտին Դանիէլեան բեմ հրաւիրեց Խաչիկ Պապիկեանի դուստրը՝ Գարոլ Պապիկեանը, որ փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ան Պապիկեան ընտանիքին անունով շնորհաւորեց մասնակցիներն ու մրցանակակիրները, խրախուսեց անոնց հետապնդել իրենց երազները եւ խոստացաւ նեցուկ կանգնիլ հայ աշակերտին։
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը՝ ձեռամբ Նորին Սրբութեան, որմէ ետք ասմունքի մրցանքին միջնակարգ բաժնի մրցանակակիրը ասմունքեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին»։
Աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։ Ան գնահատեց հիմնադրամին տարած աշխատանքը, որ առաջին հերթին կ՚ամրապնդէ հայուն ինքնութիւնը. ազգ մը կը գոյատեւէ իր արժէքներով, իսկ հանգուցեալ Խաչիկ Պապիկեանի անունով այս հիմնադրամին առաքելութիւնն է կենսագործել հայ մշակոյթը։ «Հայ դպրոցին առաքելութիւնը մեզի համար կարեւոր է, որովհետեւ ոեւէ այլ դպրոց մը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ չի՛ կրնար հայ դպրոցին դերակատարութիւնը ստանձնել։ Հայ դպրոցը մեր ժողովուրդին կը փոխանցէ հայո՛ւ ոգին, որ պատմութեան փոթորկոտ օրերուն մէջ իսկ մեր ժողովուրդը հաստատ պահեց իր ինքնութեան մէջ», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։ Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց գնահատելով Հիմնադրամին տարած աշխատանքը, յանձինս Տիար Դանիէլեանին, դիւանապետ՝ Տիար Խաչիկ Տէտէեանի ու քարտուղար՝ Տիկ. Մարլէն Էվինկիւլեանի, ինչպէս նաեւ աշխատանքը յաջողութեամբ պսակող բոլոր մասնակիցներուն։
Ստորեւ կու տանք «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանակակիրներուն անուանացանկը.-
Շանթ Գատէհճեան (Դպրեվանք)
Քրիստինա Քէօշկէրեան (Ազգ. Միացեալ Վրժ.)
Յիշատակութեան արժանացած են՝
Առաջին՝ Լիւսի Ունճեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ)
Երկրորդ՝ Դուին Հերկելեան (Ազգ. Յ. Գ. Կիւլպէնկեան Վրժ.)
Արամ Հանտեան (Հմզգ. Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան)
Յիշատակութեան արժանացած է՝
Հրակ Գըրտանեան (Դպրեվանք)
Մուշեղ Սրկ. Գարակէօզեան (Դպրեվանք)
Արազ ՔԷօֆթէեան (Հայ. Աւետ. Երկր. Վրժ. Այնճառ)
Ճորճ Սահիլի (Հայ Աւետ. Կեդ. Բրձ. Վրժ.)
Յիշատակութեան արժանացած են՝
Առաջին՝ Սելին Գոգեան (Հայ Կթղ. Պք.ի Ս.Խաչ-Հարպոյեան Բրձ. Վրժ.)
Երկրորդ՝ Նշան Անտրեան (Դպրեվանք)
Յիշատակութեան արժանացած են՝
Առաջին՝ Նազանի Ադամեան (Հայ Աւետ. Երկդ. Վրժ., Այնճար)
Կարապետ Պալեան (Դպրեվանք)
Երկրորդ՝ Կարապետ Էօրտէքեան (Դպրեվանք)
Ռիթա Մուրատեան (Հմզգ. Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան)
Երրորդ՝ Պարոյր Ղուկասեան (Ազգ. Յ. Գ. Կիւլպէնկեան Երկդ. Վրժ.)