ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՍՏԵՂԾՈՒՄ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի տեղեկատուական նախարարին՝ Մըլհէմ Ռիաշիին, Ուրբաթ, 1 Յունիս 2018-ին, Tele Lumier եւ Nour Sat լիբանանեան հեռատեսիլի կայանները, հրապարակեցին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որ կը միտի ամրացնել միջին արեւելեան երկիրներու քրիստոնէական տեղեկատուութեան յարաբերութիւնները։

 

Սոյն մամլոյ ասուլիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցէր Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքը: Մամլոյ ասուլիսին նաեւ ներկայ էին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եւ հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչները։

 

Յայտնենք, որ այս միութեան նպատակն է սերտ յարաբերութիւններ մշակել Միջին Արեւելքի տեղեկատուական գրասենեակներու միջեւ՝ միացեալ հրապարակումներով, շրջանային հասարակաց լուրերու փոխանակումով, համագումարներու ու ասուլիսներու, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական ու լրատուկաան խտացեալ դասընթացքներու կազմակերպումով։