6 July, 2018

«ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵՐ Ս. ԱԹՈՌԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲՆԱԳԱՒԱՌՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

 

 

Անցնող քանի մը շաբաթներու ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործօն մասնակցութեամբ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական կարեւոր հանդիպումներ տեղի ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Այս գծով օրին մամուլի ճամբով հակիրճ տեղեկութիւններ տրուեցան։ Սակայն, նկատի ունենալով յիշեալ հանդիպումներուն քննարկած նիւթերուն կարեւորութիւնը, Կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթը խնդրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսէն, որ իր արժեւորումը փոխանցէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, իր առաջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մասին։

 

 

         ՀԱՐՑՈՒՄ) Վեհափառ Տէր, անցնող շուրջ երեք շաբաթներու ընթացքին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Ձեր ղեկավարութեամբ, տեղի ունեցան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական կարեւոր հանդիպումներ։ Անոնք սովորական հանդիպումներ չէին, որովհետեւ հոն տեղի ունեցան լուրջ քննարկումներ ժամանակակից հարցերու շուրջ։ Պիտի ուզէինք Ձերդ Սրբութեան տեսակէտն ու արժեւորումը ունենալ այս ուղղութեամբ։ Առաջին հանդիպումը Միջին Արեւելքի մէջ իրենց կեդրոնատեղին ունեցող Ղպտի, Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումն էր։ Գոհ կը մնանք եթէ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցէք մեզի այս ուղղութեամբ։

 

            ՊԱՏԱՍԽԱՆ) Երեք հոգեւոր պետերու այս հանդիպումը անցնող աւելի քան քսան տարիներու ընթացքին տեղի ունեցող յաջորդական հանդիպումներու շղթային մաս կը կազմէ։ Յիշեցնենք, որ 1977 թուականին Մեր նախաձեռնութեամբ եւ Շնուտա Գ. ու Զաքքա Բ. պատրիարքներուն համաձայնութեամբ, ստեղծուեցաւ մեր երեք եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրացնելու կոչուած կառոյց մը։ Ճշդուած ուղղեգիծին համաձայն հոգեւոր պետերը տարեկան հանդիպումներ կ՚ունենան յաջորդաբար՝ Գահիրէի, Դամասկոսի ու Անթիլիասի մէջ, միաժամանակ իրենց նշանակած Գործադիր Յանձնախումբը։ Վերջին հանդիպումի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ ասորիներու վանքին մէջ, համապարփակ քննարկումի ենթարկեցինք Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, պարզեցինք մեր եկեղեցիներուն առաքելութեան առաջնահերթութիւնները, յատկապէս ծանրանալով քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան մարզերուն։ Հանդիպումի աւարտին կատարեցինք միացեալ յայտարարութիւն մը։ Կարեւորութեամբ կ՚ուզենք անդրադառնալ երեք մտահոգութիւններու, որոնք յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան մեր քննարկումներու ընթացքին.- ա) քրիստոնեաներուն արտագաղթը Միջին Արեւելքէն։ Փաստօրէն վերջին քանի մը տասնամեակներուն, շրջանէն ներս տիրող անապահով պայմաններու ու տնտեսական տագնապին պատճառով, քրիստոնեաներ սկսած են գաղթել յատկապէս Եգիպտոսէն, Իրաքէն ու Սուրիայէն։ Մենք վերահաստատեցինք քրիստոնեայ համայնքներուն ամուր կապուածութիւնը Միջին Արեւելքին, որովհետեւ անոնք եկուոր չեն, կը պատկանին շրջանին եւ հետեւաբար, պէտք է կառչած մնան իրենց իրաւունքներուն։ բ) Քրիստոնէական վկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս անհրաժեշտ է, որ առաւել կազմակերպուի, մասնաւորաբար կրօնական դաստիարակութեան, ընկերային ծառայութեան ու քրիստոնէական վկայութեան բնագաւառներէն ներս։ Այս ծիրէն ներս տեղեկատուական մարզը նկատուեցաւ յոյժ կարեւոր՝ քրիստոնէական արժէքները ժողովուրդին տանելու որպէս ազդու միջոց։ գ) Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւը անբաժան մասը կազմած է միշտ քրիստոնէական ներկայութեան Միջին Արեւելքէն ներս։ Յատուկ կերպով ընդգծուեցաւ, թէ երկու կրօններու երկխօսութիւնը սոսկ աստուածաբանական մակարդակի վրայ չէ որ կը կատարուի, այլ ամէնօրեայ կեանքին մէջ։ Երկխօսութիւնը հարստացուցիչ կը դառնայ, երբ քրիստոնեաներ հաւատարիմ մնան իրենց ինքնութեան։

 

 

         Հ.) Ինչպէս ըսիք, Վեհափառ Տէր, շարունակուող ընթացք մըն է երեք եկեղեցիներու միջեւ ստեղծուած այս գործակցութիւնը։ Յառաջիկային ի՞նչ ծրագիրներ ունիք այս ուղղութեամբ։

 

            Պ.) Այս գործակցութիւնը պիտի շարունակենք, պէ՛տք է շարունակենք, որովհետեւ ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ չենք կրնար մեր կեանքը ապրիլ ինքնակեդրոն կերպով։ Ընկերութեան կեանքի բոլոր կալուածներէն ներս, ուրիշին բացուիլը, այլ արժէքներուն, ուսուցումներուն ու մօտեցումներուն հետ հաղորդ դառնալը կենսական է։ Երկրորդ, մեր երեք եկեղեցիները դաւանակից են, լայն չափով նոյն աւանդութիւնները եւ աստուածաբանական մօտեցումները ունին։ Անհրաժեշտ է, որ մեր դաւանական միութիւնը նոր շեշտաւորումներով գործնապէս արտայայտուի մեր ժողովուրդներու կեանքին մէջ։ Երրորդ, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքները լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին։ Մեր երեք եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը նոր կենսունակութիւն պիտի տայ քրիստոնէական միութեան, ինչպէս նաեւ աւելի պիտի ամրապնդէ շրջանին նկատմամբ քրիստոնեայ համայնքներուն կապուածութիւնը։ Վերջապէս, աւելի քան քսան տարիներու մեր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ եւ նկատի ունենալով մեզ շրջապատող պայմաններու փոփոխութիւնը, անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ մեր գործակցութիւնը, իր զանազան երեսներով, վերատեսութեան ենթարկուի։ Այս պարտականութիւնը Մենք ստանձնեցինք. յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի ներկայացնենք Մեր պատկերացումը այս գծով։

 

 

         Հ.) Երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մարավանքին մէջ, մեր Ս. Աթոռին եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի ու Միջազգային Յարաբերութեան Բաժանմունքին հետ։ Ի՞նչ է ձեր գնահատականը այս մասին։

 

            Պ.) Դարձեալ վերջին քսան տարիներու ընթացքին տեղի ունեցող երկխօսութեան մաս կը կազմէ յիշեալ հանդիպումը։ Մեր կաթողիկոսական ընտրութենէն անմիջապէս յետոյ երկխօսութեան ծրագիր մը մշակեցինք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ձեր յիշած կառոյցին հետ, որ իր լայնածաւալ գործունէութեամբ կարեւոր դեր կը կատարէ հանրապետութեան արտաքին յարաբերութեանց մէջ։ Մեր երկխօսութեան նպատակը աստուածաբանական տեսական հարցերու քննարկումէն անդին, հաւաքական քննարկումի ենթարկել է ներկայ ընկերութեան կեանքին անմիջականօրէն առնչուած խնդիրներ։ Այսպէս, անցեալին մեր քննարկումներուն նիւթ դարձած է կրօնքի ազատութիւնը, մարդկային իրաւունքները, բարոյական ու հոգեւոր արժէքները, բռնութիւնը, երիտասարդութիւնը, ընտանիքը։ Այս անգամ մեր երկխօսութեան նիւթն էր «Կրօնը եւ Կենսոլորտը»։ Նիւթ մը, որ փաստօրէն ամէնօրեայ տագնապ է դարձած երկրագունդի բոլոր շրջաններուն, բոլոր կրօններուն ու ընկերութիւններուն համար։

 

 

         Հ.) Վեհափառ Տէր, ի՞նչ ձեւով կենսոլորտային խնդիրը նաեւ առնչուած է կրօնքին։ Կրնա՞ք յաւելեալ լուսաբանութիւն տալ այս ուղղութեամբ։

 

            Պ.) Ոեւէ մարզէն աւելի կենսոլորտային տագնապը աղերս ունի կրօնքի ու մասնաւորաբար երեք միաստուածեան կրօններու ուսուցումներուն հետ։ Բացատրենք։ Մենք յաճախ կը շփոթենք արդիւնքը եւ պատճառը իրարու հետ։ Արդիւնքին մասին կը խօսինք՝ մոռնալով պատճառը։ Երբ բժիշկի երթանք, ան նախ տուեալ հիւանդութեան պատճառները կը փնտռէ եւ համապատասխան դեղ կը ճշդէ։ Ներկայ ժամանակներուն կենսոլորտային լուրջ տագնապներ կը դիմագրաւենք՝ երկինքի «օզօն»էն սկսեալ մինչեւ անտառներու չորացումը, ջուրերու պակասէն սկսեալ մինչեւ մեզ շրջապատող բնութեան մէջ երեւան եկող բազմաթիւ ու բազմազան ապականութեանց յայտնութիւնը, որոնք մարդկութիւնը կ՚առաջնորդեն դէպի ինքնաքանդում։ Այս շրջագծէն ներս, վերջերս միջազգային մամուլը սկսաւ անդրադառնալ «փլասթիք»ի վնասներուն մարդու առողջութեան։ Տասնամեակներ առաջ, թէեւ ուշ, միջազգային համայնքը լուսարձակի տակ բերաւ կենսոլորտային աղէտը եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը յաջորդական համագումարներ կազմակերպեց, առաջինը Րիօ Տը Ժանէյրոյի (1992) եւ վերջինը Փարիզի (2015) մէջ։ Այս համագումարներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ, թէ տիեզերքի ու յատկապէս երկրագունդին «էքօսիսդըմ»ը (eco-system եւ eco-life) վտանգուած է եւ հետեւաբար, առաւելագոյնը յիսուն տարիէն, կրնայ կեանքը վտանգուիլ իր բանական եւ ոչ-բանական երեսներով, երբ բնակչութեան թիւը կը բարձրանայ ու զայն կերակրելու կոչուած երկրագունդի հայթայթած սնունդը կը պակսի։ Սա ընդհանուր վտանգին մէկ երեսն է միայն։ Տակաւին չենք ուզեր անդրադառնալ «օզոն»ի, աղբակոյտերու, ծովային ու գետային ջուրերու, հողերու ապականութեանց, որոնք անմիջականօրէն առնչուած են մարդու ու անասունի առողջութեան։ Դժբախտաբար, պետութիւններ, մեկնելով իրենց տնտեսական ու քաղաքական շահերէն, չեն ուզեր տեսնել յիշեալ երեւոյթներուն լուրջ հետեւանքները։ Անհրաժեշտ է, որ կենսոլորտային հարցերու գծով քաղաքական որոշումները հիմնաւորուած ըլլան մասնագէտներու տեսակէտներուն վրայ։ Թելադրելի է, որ կենսոլորտային հարցերուն լրջօրէն անդրադառնանք մեր տուներէն, դպրոցներէն ու նոյնիսկ եկեղեցիներէն ներս, որովհետեւ Աստուածատուր կեանքը այս երկրագունդին վրայ վտանգուած է՝ կենսոլորտային տագնապին հետեւանքով։ Մեր զաւակները իրենց փոքր տարիքէն սկսեալ հարկ է սորվին «բարեկամաբար» վարուելու մեզ շրջապատող, սնուցանող ու պահպանող կենսոլորտին հետ։

 

 

         Հ.) Շեշտեցիք կենսոլորտային տագնապին ունեցած առնչութիւնը կրօնքի հետ։ Պիտի ուզէինք իմանալ Ձեր տեսակէտը այս ուղղութեամբ։

 

            Պ.) Կենսոլորտային տագնապը ըստ էութեան կապ ունի մարդ-ստեղծագործութիւն-Աստուած յարաբերութեանց հետ։ Առանց մխրճուելու աստուածաբանական վերլուծումներու մէջ, կ՚ուզենք շեշտել հետեւեալ ճշմարտութիւնը.- Աստուած տիեզերքը ստեղծեց եւ զայն մարդուն յանձնեց՝ գործածելու համար որպէս իր բնակավայրը։ Տիեզերքին սեփականատէրը Աստուած է, մարդը Աստուծոյ կողմէ նշանակուած է միայն գործածելու, զայն պաշտպանելու ու հարստացնել համար։ Մարդ արարածը իրաւունք չունի իր փառքին ու հաճոյքին համար օգտագործելու Աստուծոյ պատկանող տիեզերքը. ան կոչուած է տիեզերքի բարիքները գործածելու իր անմիջական կարիքներուն համար միայն։ Մարդկային պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ադամ-Եւայէն սկսեալ, մարդ արարածը անտեսեց Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած պատուերը եւ շահագործեց երկրագունդը՝ հոն հաստատելով իր տիրապետութիւնը։ Պատմութեան ընթացքին մարդկային տիրապետութիւնը ստացաւ քաղաքական, տնտեսական, ցեղային ու մշակութային արտայայտութիւններ՝ միշտ ի հեճուկս կենսոլորտի ապականութեան։ Հետեւաբար, կենսոլորտային տագնապը նոր երեւոյթ չէ։ Ներկայ ժամանակներուն այդ տագնապը աւելի սրած, ծաւալած ու խորացած է. մէկ կողմէ գիտական ու արհեստագիտական լայնածաւալ գիւտերու ու զարգացումներու, եւ միւս կողմէ՝ կեսոլորտը քաղաքական ու տնտեսական շահերու գործածելու միտող մօտեցումներով։ Արդ, կենսոլորտային տագնապը հետեւանք է Աստուծոյ նկատմամբ մարդուն ցուցաբերած անհնազանդութեան, այլ խօսքով՝ Աստուածակեդրոն ու մարդակեդրոն մօտեցումներու բաղխումին։ Ահա, թէ ինչու հարցը ըստ էութեան աստուածաբանական ու բարոյագիտական է։ Բարոյագիտական է։ Կենսոլորտային տագնապը լուծելու համար հարկ է սկսիլ մարդ արարածէն, որովհետեւ խնդիրը կենսոլորտին մէջ չէ, այլ մարդուն մէջ է։ Կը կրկնենք. մարդուն կողմէ կենսոլորտին սխալ ու անճիշդ գործածութեան ու շահագործումին մէջն է։ Հո՛ս կը կայանայ կենսոլորտային տագնապին լուծման ձգտող կրօնքին իւրայատուկ դերը։

 

 

         Հ.) Վեհափառ Տէր, ի՞նչ նպաստ կրնայ բերել կրօնքը յիշեալ տագնապի լուծման։

 

            Պ.) Կրօնները ու յատկապէս միաստուածեան կրօնները՝ հրէութիւն, քրիստոնէութիւն ու իսլամութիւն, կենսոլորտային տագնապի գծով, փաստօրէն, նոյն մօտեցումը ունին։ Մեր տեսակէտը, ինչպէս հանդիպման ընթացքին ընդգծեցինք, այն է թէ կրօնքը առանձին ազդու դեր չի կրնար ունենալ կենսլորտային տագնապը լուծելու իմաստով։ Անհրաժեշտ է, որ լուրջ գործակցութիւն մը ստեղծուի կրօնքին, գիտութեան ու արհեստագիտութեան միջեւ։ Իւրաքանչիւրը իւրայատուկ ըսելիք ու ընելիք ունի. անհրաժեշտ է, որ անոնք ներդաշնակուին։ Բնականաբար, յատկապէս արհեստագիտութիւնը, որ լայնօրէն կ՚օգտագործուի մեծ պետութիւններու կողմէ իրենց ծաւալապաշտական նպատակներուն համար, բարձրագոյն աստիճանի զգուշաւորութիւն ցոյց տայ իր կողմէ կենսոլորտի գործածութեան գծով։ Յիշեալ գործակցութիւնը բնականաբար դիւրին չէ, սակայն հրամայական է ու անմիջական։ Կրօնքին դերը առաւելաբար դաստիարակչական է։ Կրօնքը իր հաւատքի ուսուցումներէն, բարոյական արժէքներէն ու սկզբունքներէն մեկնելով, կոչուած է անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցելու ժողովուրդին՝ կենսոլորտին հետ իր յարաբերութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու։

 

 

         Հ.) Երրորդ հանդիպումը, զոր տեղի ունեցաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան հանդիպումն էր։ Ի՞նչ ըսելիք ունիք այս ուղղութեամբ, Վեհափառ Տէր։

 

            Պ.) Ինչպէս գիտէք, միջ-եկեղեցական շարժումը ներկայ աշխարհի կարեւոր երեւոյթներէն մէկն է։ Վերջին տասնամեակներուն, միջ-կրօնական հանդիպումները ներկայ տագնապներու լոյսին տակ նոր ծաւալ ստացան։ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը, ինչպէս անունը ցոյց կու տայ, ասիական երկրամասին վրայ գտնուող եկեղեցիներու միասնական ճիգով կազմուած միջ-եկեղեցական կառոյց մըն է։ Անոր կ՚անդամակցին աւելի քան 150 եկեղեցիներ։ Շուրջ տասը տարիներ առաջ նաեւ Իրանի մեր երեք թեմերը անդամագրուեցան այս խորհուրդին եւ Թեհրանի թեմի առաջնորդ՝ Սեպուհ սրբազանին գլխաւորութեամբ մասնակից կը դառնան անոր աշխատանքներուն։ Սեպուհ սրբազանը նաեւ անդամ է յիշեալ խորհուրդի գործադիր վարչութեան։ Մենք անձնապէս որոշ ծանօթութիւն ունինք շրջանին, որովհետեւ երկու առիթներով այցելած ենք որպէս եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհւորդի ատենապետ, Աւստրալիա, Հնդկաստան, Դայլանտ, հարաւային Քորէա, Ճափոն եւ Չինաստան եւ դասախօսած ու հանդիպումներ ունեցած եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն հետ։ Շրջանէն ներս եկեղեցիները վերակազմարկերպումի ընթացքի մէջ են, յատկապէս վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցած նոր տնտեսա­-քաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ։

 

 

         Հ.) Վեհափառ Տէր, իմացանք, որ յիշեալ հանդիպումի բացման նիստին դասախօսութիւն մը տուած էք միջ-եկեղեցական շարժումին մասին։

 

            Պ.) Ընդառաջելով Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին փափաքին, որուն մօտէն ծանօթ ենք, գործադիր վարչութեան հանդիպման առաջին նիստին դասախօսութիւն մը տուինք միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ վիճակին, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Չենք ուզեր այստեղ անդրադառնալ դասախօսութեան բովանդակութեան, սակայն կ՚ուզենք յայտնել, որ շեշտեցինք միջ-եկեղեցական շարժումին օրակարգը այժմէականացնելու եւ շրջանային ու տեղական պայմաններուն պատշաճեցնելու հրամայականը. նաեւ ընդգծեցինք Ասիոյ եկեղեցիներու իւրայատուկ պայմաններէն մեկնելով, միջ-կրօնական երկխօսութեան առաջնահերթութիւն տալու կարեւորութիւնը։ Չմոռնանք, որ Ասիան կեդրոն է պուտտայականութեան, հինտույիզմի, շինտույականութեան եւ բազմաթիւ հին կրօններու, նաեւ իսլամութեան։ Ամէնէն մեծ իսլամ բնակչութիւն ունեցող երկիրը Ինտոնէզիան է։ Հետեւաբար, այս շրջանին մէջ ապրող եկեղեցիները անհրաժեշտ է որ մնայուն երկխօսութիւն հաստատեն բոլոր կրօններուն հետ։

 

 

         Հ.) Որպէս եզրակացութիւն մեզի շնորհած Ձեր հարցազրոյցին, Վեհափառ Տէր, ի՞նչ ունիք ըսելիք։

 

            Պ.) ա) Զանազան առիթներով անդրադարձած ենք՝ եկեղեցիները իրարու մօտեցնող, գործակցութիւն քաջալերող եւ զանոնք դէպի միասնականութիւն առաջնորդող միջ-եկեղեցական շարժումին ներկայացուցած յատուկ կարեւորութեան։ Եկեղեցիները կոչուած են միասնաբար քննելու ու դիմագրաւելու ընկերութեան մարտահրաւէրները, միաժամանակ գործակցութեան նոր ճամբաներ որոնելով։ Այսօր եկեղեցիները կը դիմագրաւեն ընկերային ու բարոյագիտական լուրջ հարցեր, չեն կրնար անտարբեր մնալ այս հարցերուն նկատմամբ, ներառեալ մեր եկեղեցին։ Այսօր, նեղ օղակներու մէջ չենք ապրիր, փակ դռներու ետին չենք գտնուիր. կ՚ապրինք անցանկապատ ընկերութեան մէջ, ուր ամէն տեսակ խնդիրներ, երեւոյթներ, տարօրինակութիւններ կը թափանցեն մեր կեանքէն ներս։ Ինչպէս բոլոր եկեղեցիները (պահ մը դիտեցէք ինչ կը կատարուի կաթոլիկ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներէն ներս) նաեւ հայ եկեղեցին կոչուած է այս հարցերը լուրջ քննարկումի ենթարկել թէ՛ առանձնաբար եւ թէ այլ եկեղեցիներու հետ գործակցաբար։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել միջ-եկեղեցական գործակցութեան, միջազգային ու շրջանային մակարդակներու վրայ, թէ՛ միջ-եկեղեցական խորհուրդներու եւ թէ աստուածաբանական երկխօսութիւններու ճամբով։

 

            բ) Ինչպէս քիչ առաջ մատնանշեցինք, միջ-կրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ հանդիպումները, ներկայ աշխարհին կարեւոր երեւոյթները կը նկատուին։ Ո՛չ միայն կրօնական կեդրոններ, այլ նաեւ պետութիւններ ու միջազգային կազմակերպութիւններ, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան առնչուած համագումարներ կը կազմակերպեն։ Մեր Ս. Աթոռը այս ծիրէն ներս եւս իր կարեւոր ներդրումը կը շարունակէ կատարել։ Յայտնեք, որ թէ՛ միջ-եկեղեցական եւ թէ միջ-կրօնական հանդիպումներու ընթացքին առաւելաբար կը քննարկուին ընկերութեան կեանքին առնչուած այնպիսի հարցեր, որոնք նկատմամբ կրօնքը իր իւրայատուկ ըսելիքը ու ընելիքը ունի։

 

            գ) Յիշեալ հանդիպումները նաեւ կարեւոր են մեր եկեղեցին, մեր հայրենիքը ու պահանջատիրութիւնը ուրիշներուն բանալու, մեր տեսակէտները ու սպասումները պարզելու իմաստով։ Օրինակ, մեր յիշած երեք հանդիպումներու մասնակիցները, աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած, այցելեցին Ս. Աստուածածին Վանքի վերածննդեան յուշարձանը, Անթիլիասի Մայրավանքի Նահատակաց մատուռը եւ անկախութեան յուշակոթողը, եւ մօտէն տեղեակ դարձան մեր ժողովուրդի ցեղասպանութեան, Հայաստանի անկախութեան, Արցախի հարցին, մեր եկեղեցւոյ պատմութեան եւ մեր ազգի պահանջատիրութեան։ Կը շեշտենք. ներկայ աշխարհին մէջ մեր յարաբերութիւնը ուրիշներուն հետ էական է, ամէ՛ն իմաստով. սակայն այդ յարաբերութիւնը պէտք է դառնայ աւելի կազմակերպ, ազդու ու հետեւողական։ Ա՛յս է որ կը փորձէ կատարել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։

 

More News