Չորեքշաբթի, 27 Յունիս 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի ու կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի երկխօսութեան պաշտօնական բացումը։ Երկու օրերու վրայ տարածուած այս երկխօսութեան ընդհանուր խորագիրն է «Կրօնը Եւ Կենսոլորտը»։ Յիշեալ նիւթին շուրջ զեկոյցներ պիտի ներկայացուին թէ՛ իսլամական եւ թէ քրիստոնէական տեսակէտները պարզող։ Հանդիպումին վերջին նիստը պիտի յատկացուի ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը շօշափող հարցերու քննարկման՝ մասնակցութեամբ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամներուն։ Երկխօսութեան պիտի մասնակցին տասը անձեր Իրանէն՝ գլխաւորութեամբ իսլամական մշակոյթի եւ յարաբերութեան կազմակերպութեան նախագահ՝ Դոկտ. Իպրահիմի Թիւրքմէնի, եւ տասը անձեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ գլխաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի։