ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԷՆ ՆԵՐՍ ՆՈՐ ՇԷՆՔԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող նոր շէնքը, 24 սենեակներէ բաղկացած՝ իր շտեմարանով ու պահեստանոցով, պիտի գործածուի եպիսկոպոսներու եւ հիւրերու համար։ Շինութիւնը պիտի աւարտի յառաջիկայ Գարնան։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեալ ծրագրին բարերարին անունը պիտի յայտարարէ շէնքի բացման հանդիսութեան ժամանակ։