Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Շաբաթ՝ 11 Օգոստոս 2018-ին, Ս. Աստուածածին Վանքի բացօթեայ խորանին վրայ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ նուիրուած Վանքի ուխտի օրուան։ Պատարագը մատուցեց Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի։
Պատարագի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական թափօրով Ս. Խորան բարձրացաւ ու համաձայն հայ եկեղեցւոյ հայրերու կանոններուն, ընթերցեց Աստուածամօր ուղղուած գոհաբանական աղօթքը եւ կատարեց խաղողի ու մատաղի օրհնութիւնը։
Մատաղի օրհնութենէն անմիջապէս ետք Հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը։ Առաջին հերթին, Ան ներկայացուց Ս. Մարիամ Աստուածածնի արժէքն ու առանցքային դերը հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Հայրապետը ընդգծեց, որ հայ հոգեւոր ու աշխարհիկ գրականութեան մէջ սրբութեան ու խոնարհութեան խորհրդանիշն է Աստուածածինը, որ իր կեանքին ու վկայութեան մէջ կը պարփակէ քրիստոնեայ մարդու բարոյական արժէքներն ու առաքինութիւնները: Արդարեւ, հայ մօր տիպարը կը ձգտինք տեսնել Ս. Մարիամի յատկանիշներուն ներքոյ, մանաւանդ՝ ներկայ դարուն մարտահրաւէրներուն։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ հայ քրիստոնեայ ընտանիք մը չի կրնար զերծ մնալ Աստուածամօր կեանքէն ճառաքայթող առաքինութիւններէն:
Ապա, Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ կազմուած փոքրիկներու երգչախումբին: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց երգչախումբի մանուկներուն եւ անոնց ղեկավար Սրբազանին, որուն տգնաջան աշխատանքին արդիւնքով իրականացաւ այս երգախումբի կազմութիւնը: Այս առիթով, Հայրապետը փոքրիկներու երգչախումբը օծեց «Նարեկացի» անունով:
Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս Նորին Սրբութեան մտածումներէն չբացակայեցաւ երիտասարութիւնը: Հայրապետը շեշտեց երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մեր համայնքի եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ու ընդգծեց, որ հարկ է մեր ամբողջական վստահութիւնը տալ ու լուսանցքէն անդին չնետել զանոնք: Նորին Սրբութիւնը դարձեալ իր գնահատանքը յայտնեց հայ եկեղեցւոյ խտացուած դասընթացքներուն մասնակից երիտասարդներուն, որոնք Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած էին Միացեալ Նահանգներէն ու Գանատայէն, եւ նշեց, որ թէեւ հայերէնով կրնան նոյնքան լաւ չարտայայտուիլ ինչպէս անգլերէնով կ՚արտայայտուին, սակայն անոնք հայ են ու այս խտացեալ դասընթացքէն ետք տուն պիտի վերադառնան գիտելիքներով զարգացած ու հաւատքով հզօրացած, որպէսզի այս բոլորը ի գործ դնեն հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման ու բարեկարգութեան համար:
Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով բազմահազար ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսելով վերջին ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական զարգացումներուն մաին՝ ըսաւ. «Մեր պատգամներուն ընթացքին, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, յաճախակի առիթներով շեշտած ենք՝ թէ վարչակարգերը ժամանակաւոր են, մնայունը ու յաւերժականը ժողովո՛ւրդն է իր հայրենիքով։ Հետեւաբար, ժողովուրդին ընդհանրական ու գերագոյն շահերը մղիչ ոյժը, նպատակը ու արժեչափը պէտք է դառնան ոեւէ իշխանութեան օրինականութեան ու վաւերականութեան եւ անոր նկատմամբ ժողովուրդին ունեցած վստահութեան։ Մեր պատգամներուն մէջ շեշտակի կերպով նաեւ անդրադարձած ենք փտածութեան բարոյական, ազգային ու տնտեսական քանդիչ հետեւանքներուն եւ կոչ ուղղած՝ զայն արմատախիլ ընելու Հայաստանէն ներս։
«Ահա թէ ինչու Մենք ջերմօրէն ողջունեցինք «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը՝ օրին կապ հաստատելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ողջունեցինք «թաւշեայ յեղափոխութիւ»ը, որովհետեւ անոր առանցքային նպատակը օրէնքի գերիշխանութեան հաստատումն էր երկրէն ներս՝ սիրոյ ու համերաշխութեան մթնոլորտին մէջ։
«Յեղափոխութիւն մը իր լիարժէք իմաստը կը ստանայ յեղափոխութենէն ետք, երբ վերածուի թափանցիկ ու նպատակասլաց գործընթացքի, երբ խոստումներն ու սպասումները հանգրուանային կերպով կեանքի կը վերածուին։ Հո՛ս է յեղափոխութեան ճշմարիտ փորձաքարը ու միաժամանակ իրաւ չափանիշը։ Ներկայ անցումային շրջանին ճիշդ չէ ոեւէ արժեւորում կատարել ու գնահատանք տալ շուրջ երեք ամսուան կեանք ունեցող իշխանութեան մը գործունէութեան մասին։ Կ՚ողջունենք երկրէն ներս օրինականութեան գերիշխանութիւն հաստատելու եւ ժողովուրդին կենսամակարդակը բարձրացնելու միտող վարչապետին ճիգերը։ Իր յաջողութիւնը Հայաստանին յաջողութիւնն է»։
Ս. եւ Անմահ պատարագի աւարտին, հաւատացեալները ստացան ննջեցեալներուն հոգիներուն համար օրհնուած մատաղը եւ աստուածային բարիքներու խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի առաջին ճիռերը: