«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԸ ԻՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄՆԱՅ ԵԶԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս բառերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 4 Մայիս 2018-ին, ողջունեց «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը՝ յիշեցնելով անոնց ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ «Թռչնոց Բոյն»ի կատարած որբահաւաքի եւ ցեղասպանութենէն վերապրած մեր որբերու դաստիարակութեան հսկայ գործը, այլ նաեւ շարունակուող մարդասիրական առաքելութիւնը։ «Թռչնոց Բոյն»ը տունն է մեր ազգի բոլոր որբացած զաւակներուն եւ զանազան պատճառներով ընտանեզուրկ…