Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Երկուշաբթի, 2 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութեան նախագահ՝ Ֆրանսուա Ասելինոյին։ Ֆրանսացի քաղաքագէտը, որ նաեւ նախագահական թեկնածու էր Ֆրանսայի վերջին նախագահական ընտրութիւններուն, Լիբանան այցելած էր մօտէն տեղեակ ըլլալու Լիբանանի կացութեան եւ արժեւորելու Ֆրանսայի դերակատարութիւնը ընդհանրապէս շրջանէն ու յատկապէս Լիբանանէն ներս։ Աւելի…