ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 8 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ նոր նշանակուած դեսպանուհիին՝ Մոնիքա Շմուդզ Քիրկոզին, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական կցորդին՝ Հ. Թույարտին եւ զուիցերիական ու լիբանանեան գործարարներու միութեան վարչութեան անդամներէն՝ Պերճ Արապեանին։

 

Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան, Հայաստանի ու Զուիցերիոյ յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն։ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով դեսպանուհիին պարզեց Սփիւռքի հայութեան ներկայ պատկերը ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը։