ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Միջին Արեւելքի մէջ իրենց կեդրոնը ունեցող ասորի ուղղափառ պատրիարքութեան, ղպտի ուղղափառ պատրիարքութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ 1995 թուականին հաստատուած գործակցութեան կառոյցը, յաճախակի հանդիպումներ ունեցած էր թէ՛ հոգեւոր պետերու եւ թէ անոնց ներկայացուցիչներուն միջեւ՝ Անթիլիասի, Դամասկոսի եւ Գահիրէի մէջ։ Այս ծիրէն ներս վերոյիշեալ երեք եկեղեցիներու ներկայացուցիչները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, մետլոպոլիտ Անպա…