1 July, 2018

«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 23-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։ Ս. եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց Վեհափառ Հայրապետը, Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, իսկ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց, առաջին անգամ ըլլալով, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի մանկապատանեկան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի։

 

Պատարագին ներկայ էին Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան անդամները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

 

Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ Աւետարանական հատուածներու եւ աղօթքներու ընթերցում. Միաբան Հայրեր Ս. Խորանէն կատարեցին Հայրապետական մաղթանքը՝ բարւոք ծառայութիւն, անսասան կեանք եւ արեւշատութիւն մաղթելով Վեհափառ Հայրապետին։

 

Հայրապետական մաղթանքէն ետք, պատարագիչ Սրբազան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, Ս. Աթոռը Անթիլիաս ամայի աւազներուն վրայ հաստատուեցաւ ու ամայի վայրը ծաղկեցուց ու վերածնունդ ապրեցուց շնորհիւ իր առաքելութեան։ Ան շնորհաւորելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 23-րդ տարեդարձը՝ յայտնեց, որ պատահական չէր Նորին Սրբութեան օծման արարողութեան Անթիլիաս ժամանած էին եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ համաշխարհային ու միջազգային քաղաքական ոլորտի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ. բան մը, որ ապացոյց է մեր Ս. Աթոռին ու տարագրեալ ժողովուրդին վերակենդանութեան։ Ան շարունակեց՝ յայտնելով, որ մինչեւ օրս, շնորհիւ յարատեւ աշխատանքի ու ամուր հաւատքի, Անթիլիասը կը շարունակէ հանդիպման վայր ըլլալ զանազան միջազգային ու համաշխարհային ժողովներու ու կը վայելէ բոլորին յարգանքը, որովհետեւ գիտցաւ Քրիստոսի օրինակին հետեւիլ ու Գողգոթայէն ետք վերածնիլ։

 

Ապա, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ ի պատիւ Նորին Սրբութեան։ Հոս եւս մանկապատանեկան երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը ազգային ու հոգեւոր երգեր, իսկ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան արտասանեց միաբանութեան ուղերձը։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ նշեց Հայրապետին նախաձեռնած հիմնական զարգացումները, որոնք նպաստած են Անթիլիասի թէ՛ աննիւթեղէն եւ թէ նիւթեղէն մակարդակներու բարգաւաճման։ Ան ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետին տիպար եւ օրինակելի մարդու ու հոգեւորականի արժանիքները, որոնք զինք կը դարձնեն ամրակուռ ղեկավար։

 

Աւարտին, խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը՝ յայտնեց, որ Հայրապետական Մաղթանքի ճամբով մենք Աստուծոյ կ՚աղօթենք, որ պայծառ պահէ մեր եկեղեցին, իսկ եկեղեցւոյ իմաստը ո՛չ թէ քարեղէն շէնքն է, այլ՝ անոր առաքելութիւնը. «Եկեղեցին Քրիստոսի կենդանի ու պայծառակերպիչ ներկայութիւնն է հաւատացեալներու անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ։ Եկեղեցին ճշմարտօրէն եւ ամբողջականօրէն եկեղեցի կը դառնայ, երբ իր ծառայութեան ու առաքելութեան ճամբով աւետարանական ճշմարտութիւնները ու արժէքները, այլ խօսքով՝ զՔրիստոս կը տանի ժողովուրդին», ըսաւ Հայրապետը՝ աւելցնելով. «Յաճախ կը կրկնեմ, որ մենք կոչուած ենք եկեղեցին պատէն անդին՝ ժողովուրդին տանելու ու այդպէս եկեղեցի դառնալու հրամայականը»։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ անցնող 50 տարուան հոգեւորականի եւ վերջին 23 տարուան Հայրապետական կեանքին մէջ, Անթիլիասը աշխատած է եկեղեցին հոգեւոր ծառայութեան ու հաւատքի առաքելութեան տանելու ուղղութեամբ։ Հայ Եկեղեցին նոյնացած է Հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ եւ կռուան հանդիսացած է հայրենիքի հզօրացման՝ միշտ ի խնդիր աւետարանական արժէքներու, ուսուցումներու եւ սկզբունքներու կենսագործման։

 

«Այսօր, մենք բոլորս, ինձմէ սկսեալ, կը վերանորոգենք մեր ուխտը մեր ժողովուրդին ծառայելու որպէս Բարի Սամարացի, բուժելու մեր ժողովուրդին վէրքերը, օգտակար ըլլալու մեր ժողովուրդի կարիքներուն՝ եկեղեցւոյ, հայ դպրոցին ու մշակոյթին ճամբով, դառնալու տէրն ու պաշտպանը հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն։ Ա՛յս է եւ պիտի շարունակէ այս ըլլալ Անթիլիասի առաքելութիւնը», եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Ապա, մանկապատանեկան երգչախումբը Վեհարանի դահլիճը թնդացուց Հայրապետական մաղթերգով, իսկ Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց փոքրիկներուն ու անոնց ծնողներուն եւ յատկապէս ղեկավար սրբազան հօր։

More News