Ուրբաթ, 29 Յունիս 2018-ին, «Կրօնը եւ Կենսոլորտը» թեմայով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին 8-րդ երկխօսութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Փակման նիստին հանդէս եկան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, վերոնշեալ կազմակերպութեան նախագահ՝ Դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի Թիւրքմէն եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնի նախագահ՝ Դոկտ. Մոհամետ Մահտի Թասխիրի։ Փակման հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնաժողովին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Գործադիր Վարչութեան միջեւ հանդիպում-ժողով մը։
Փակման նիստի իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ կենսոլորտին վերաբերեալ նիւթերը այժմէական են եւ անկարելի է եզրափակութեան հասնիլ այդ ուղղութեամբ։ Հայրապետը նշեց, որ երեք օրերու վրայ երկարող երկխօսութեան ընթացքին քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններուն տեսակէտները պարզուեցան եւ երեւան եկան երկուքին միջեւ բազմաթիւ հասարակ գիծեր ու որոշ տարբերութիւներ. հետեւաբար, պէտք է ըսել, որ երկու կրօններն ալ նոյն ուղութեամբ կ՚ուղղուին այս նիւթին առնչութեամբ։ Իր կարգին, Իպրահիմի խօսք առնելով ընդգծեց, որ մարդ արարածը սովորութեան վերածած է կենսոլորտին վնաս հասցնելը, մինչ կենսոլորտին բարեկամները կը նկատուին զարտուղիներ։ Ան յայտնեց, որ Աստուած ոչ միայն մարդ արարածին, այլ բնութեան բոլոր էակներուն Աստուածն է, եւ այս մէկը ի միտի ունենալով հարկ է ապրիլ։ Վերջապէս, Դոկտ. Թասխիրի ընդգծեց, որ այնքան ատեն, որ մարդ արարածը կենսոլորտին հետ իր յարաբերութիւնը չի հունաւորեր Աստուծոյ ներկայութեամբ, հոն կը բացակային բարոյագիտական արժէքները ու մարդը կը թերանայ կենսոլորտին հանդէպ իր պարտաւորութիւններուն մէջ։
Փակման նիստի աւարտին ժողովականները ներկայացուցին իրենց գործնական առաջարկները եւ տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։
Օրուան երկրորդ բաժինով ժողովականներուն միացան Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնաժողովի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Գործադիր Վարչութեան անդամները։
Այս հանդիպումին բարի գալուստի խօսք արտասանեց Վեհափառ Հայրապետը եւ լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներուն համատեղ գոյակցութեան յատկանիշները։ Այս իմաստով Հայրապետը ընդգծեց, որ Անթիլիասի Մայրավանքը ո՛չ միայն Կիլիկիոյ Հայոց Ս. Աթոռն է, այլ նաեւ իր կշիռը ունի որպէս Լիբանանի եւ Միջազգային ընտանիքի տարբեր ոլորտներու մէջ իր դերակատարութիւնը ունեցող Լիբանանի անքակտելի մասնիկ։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ իրանահայերուն՝ Իրանի մէջ իրենց ներկայութեան եւ ընկերային, մշակութային ու քաղաքական կեանքին մէջ իրենց գործօն մասնակցութեան։ Խօսելով կենսոլորտի խնդրիներուն արծարծման ու լուծումներու յանգելու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մասին, ան ըսաւ, որ հարցը հարկ է քննարկել ամբողջական մօտեցումով եւ աստուածաբանականին կողքին չխնայել գիտական, մշակութային, տնտեսական, արհեստագիտական ու քաղաքական մօտեցումները, մանաւանդ որ քաղաքական մօտեցումը յատկապէս իր ազդեցութիւնը ունի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան վրայ։ Ան իր խօսքը աւարտեց ընդգծելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան նուազումը ոչ միայն քրիստոնեայ ընտանիքներուն, այլ նաեւ իսլամ եղբայրներուն մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ եւ այս հարցին առաջքը առնելու համար բոլոր կողմերը պէտք է համախմբեն իրենց ուժերը։
Նիստին խօսք առին նաեւ նոր միացած հիւրերը, որոնք հիմնականօրէն խօսեցան տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող բռնութիւններուն մասին ու երկխօսութեան ճամբով նոյն լեզուով խօսելու անհրաժեշտութեան մասին։ Հոս նշուեցաւ, որ օտարին հետ երկխօսութեան նստիլ չի նշանակեր զիջիլ անհատական ինքնութենէն եւ լուծուիլ դիմացինին ինքնութեան մէջ, ոչ ալ կը նշանակէ մերժել օտարը։ Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ, որ երկխօսութեամբ ու փոխ-հանդուրժողականութեամբ կարելի է հարթել ճամբան դէպի խաղաղութիւն եւ գոյակցութիւն, որոնք պիտի նպաստեն կենսոլորտի խնդիրներուն փարատման, սակայն ներկայիս այս մէկը կը դիմագրաւէ զանազան արգելքներ, որոնց լուծումներ պէտք է գտնել, ինչպէս՝ ժողովուրդին իրազեկում եւ քարոզչութիւն ու քաղաքական գետնի վրայ «լոպիինկ»։
«Կրօնը եւ Կենսոլորտը» Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին 8-րդ երկխօսութիւնը հասաւ իր աւարտին Հայրապետին եզրափակիչ խօսքով, ուր նշեց, թէ երկխօսութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները՝ դիմելով գործնական քայլերու, որոնք բղխեցան եռօրեայ ժողովէն։