Հինգշաբթի, 9 Օգոստոս 2018-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան՝ Մարթին Հութը, որուն կ՚ընկերանար նաեւ իր տիկինը։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանի քաղաքական ներքին կացութեան, յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութեան սեմին։ Այս ծիրէն ներս շեշտուեցաւ հոգեւոր պետերու դերակատարութիւնը թէ՛ ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ թէ կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու իմաստով։ Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ կապուած հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանին՝ յատկապէս «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք։
Յայտնենք, որ դեսպանը շուրջ ամիս մը յետոյ պիտի մեկնի Լիբանանէն՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստանձնելու դարձեալ Միջին Արեւելքին առնչուած այլ պատասխանատուութիւն մը։