12 Ապրիլի, 2018

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միջին Արեւելքի մէջ իրենց կեդրոնը ունեցող ասորի ուղղափառ պատրիարքութեան, ղպտի ուղղափառ պատրիարքութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ 1995 թուականին հաստատուած գործակցութեան կառոյցը, յաճախակի հանդիպումներ ունեցած էր թէ՛ հոգեւոր պետերու եւ թէ անոնց ներկայացուցիչներուն միջեւ՝ Անթիլիասի, Դամասկոսի եւ Գահիրէի մէջ։

 

Այս ծիրէն ներս վերոյիշեալ երեք եկեղեցիներու ներկայացուցիչները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, մետլոպոլիտ Անպա Պիշոյ եւ մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպա, հանդիպում մը ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին ճշդուեցաւ, Միջին Արեւելքի առնչուած այլ հարցերու քննարկումին առընթեր, յառաջիկայ Յունիսին Աթշանէի (Լիբանան) մէջ երեք հոգեւոր պետերու միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին օրակարգը։

 

Հանդիպումէն ետք ժողովին մասնակից երեք եպիսկոպոսները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ պարզեցին իրենց կատարած ժողովական աշխատաքներուն արդիւնքը։

 

More News