3 Հունիսի, 2018

ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 2 եւ Կիրակի, 3 Յունիս 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան փաղանգին միացան երկու երիտասարդ աբեղաներ։ Արդարեւ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

 

Ձեռանադրութիւն եւ օծում ստացան Դպրեվանքի աւարտական դասարանի սարկաւագներէն՝ Բարշ. Պետրոս Սրկ. Տէր Կարապետեան եւ Բարշ. Մկրտիչ Սրկ. Քիւրիւմեան, ձեռամբ Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչներէն՝ Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեանի:

 

Շաբաթ, 2 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, տեղի ունեցաւ Կոչման արարողութիւն, որու ընթացքին ընծայեալները խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, Մայր Տաճարի մուտքէն ծնկաչոք ուղղուեցան դաս, ուր կատարեցին հաւատքի խոստովանութիւն: Ընծայեալները նախ նզովեցին բոլոր հերետիկոսները եւ եկեղեցւոյ ճշմարիտ դաւանանքին խոտոր հանդիսացող վարդապետութիւնները եւ ապա հաստատեցին հայ եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքին եւ սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններու նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը: Կոչման արարողութեան աւարտին, ընծայեալները Ս. Խորանին դիմաց ծունկի եկած, Վեհափառ Հայրապետին, միաբան հայրերուն, ձեռնադրիչ Սրբազանին եւ ժողովուրդին առջեւ հրապարակաւ ընթերցեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին զինուորագրութեան ու հաւատարմութեան իրենց ուխտագիրները:

 

Կիրակի, 3 Յունիս 2018-ի առաւօտեան, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճար։ Աբեղայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը սկիզբ առաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին արտասանուած «Զի ողորմած» աղօթքի պահուն։ Ընծայեալները խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ ծնկաչոք բարձրացան Ս. Խորան, ուր աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ հոգեթով աղօթքներու ճամբով անգամ մը եւս հրաւիրուեցան գիտակցելու Քրիստոսի «քաղցր լուծը» կրելու խորհուրդին։

 

«Կենդանարար» շարականի երգեցողութեան պահուն, խարտաւիլակ հայր սուրբը Միւռոնաթափ Աղաւնին թափօրով բարձրացուց Ս. Խորան եւ յանձնեց ձեռնադրիչ Սրբազան հօր։ Սրբազանը Ս. Հոգին խորհրդանշող Սրբալոյս Միւռոնով օծեց ընծայեալներուն ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը, Պետրոս Սարկաւագը վերակոչելով Տ. Աւետիք Քահանայ եւ Մկրտիչ Սարկաւագը՝ Տ. Անդրանիկ Քահանայ։

 

Օծման արարողութենէն անմիջապէս ետք, ձեռնադրիչ սրբազանը տուաւ օրուան պատգամը։ Բացատրելով «հայր» բառին խորհուրդը եւ իր խօսքը ուղղելով նորընծաներուն, ան յայտնեց, որ աբեղայական ձեռնադրութեամբ եւ օծմամբ անոնք կը դառնան ժողովուրդին հոգեւոր հայրերը։ Հայրութիւնը իր մէջ կը պարփակէ արժանաւոր հոգեւորական ըլլալու պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՚ենթադրէ ըլլալ պաշտպանը, պատսպարողը եւ հոգատարը ժողովուրդի զաւակներուն։ «Այս բոլորը ձեր նոր կեանքին սկիզբն է. դուք պիտի աճիք ու զարգանաք, որպէսզի ձեր ծառայութիւնը կատարէք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանի նկարագրով, պատկանելիութեամբ եւ Անթիլիասականի ոգիով», շեշտեց Սրբազանը։ Աւարտին, ան շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը, Դպրեվանքի տեսչութիւնը, միաբանութիւնը, նորաօծներուն ընտանիքները եւ ընտանեկան պարագաները։

 

Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»-ի պահուն, Վեհափառ Հայրապետը եւ միաբան հայրերը Ս. Խորան բարձրանալով շնորհաւորեցին նորաօծ քահանաները՝ համբուրելով անոնց ճակատներն ու ձեռքերը, որմէ ետք ձեռնադրութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած Տէր եւ Տիկին Վարդան Վարդանեան կատարեց անոնց ճակատներու եւ ձեռքերու լուացումը:

 

«Ամէն եւ ընդ հոգւոյդ քում» երգեցողութենէն ետք տեղի ունեցաւ կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտերու խորհրդանիշը հանդիսացող վեղարի օրհնութիւնը:

 

Ապա, նորընծաները ձեռնադրիչ Սրբազանին առաջնորդութեամբ, խարտաւիլակ հայր սուրբին եւ իրենց ծնողներուն հետ միասին, բարձրացան Նորին Սրբութեան մօտ եւ ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։

 

Պատարագի աւարտին, Ս. Խորանին առջեւ, դասին մէջ, ներկայ հաւատացեալները մօտենալով նորընծաներուն՝ աջահամբոյրով ստացան անոնց անդրանիկ օրհնութիւնը։

More News