Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, 20 Ապրիլ 2018-ին, շուրջ երեք ժամուան այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։ Ապա, երկու Վեհափառ Հայրապետները յաջորդաբար այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին՝ Տիար Արմէն Սարգիսեանին եւ վարչապետին՝ Տիար Սերժ Սարգսեանին։
Վեհափառ Հայրապետները թէ՛ նախագահին եւ թէ վարչապետին հետ աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցան եւ տեղեակ դարձան վերջին օրերուն Հայաստանէն ներս ստեղծուած կացութեան եւ այդ ուղղութեամբ իրենց մտահոգութիւնը ու տեսակէտները պարզեցին։
Յայտնենք, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս այս առաւօտ Հայաստան մեկնելէ առաջ, Պէյրութի օդակայանին մէջ, պատասխանելով Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն գծով Cilicia TV-ի հարցումին, իր մտահոգութիւնը յայտնած էր՝ շեշտելով, թէ այսօր Հայաստանը կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ եւ անհրաժեշտ է, որ երկխօսութեան ճամբով իշխանութիւն, քաղաքական ոյժեր, ուսանողութիւն, մտաւորականութիւն ու երիտասարդութիւն միասնաբար Հայաստանը յուզող հիմնահարցերու ախտաճանաչումը կատարեն եւ լուծման ճամբաներ որոնեն՝ միշտ մեկնելով հայրենիքի գերագոյն շահերէն։ Նորին Սրբութիւնը իր յայտարարութեան մէջ նաեւ ընդգծած էր, որ Հայաստանի հզօրացումը եւ մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութեան ամրացումը գերագոյն արժէքներ են, որոնց շուրջ պէտք է համախմբուինք՝ հակառակ մեր ունեցած տարբեր տեսակէտներուն։
Նշենք, որ Հայրապետը Երեւանի մէջ իր հանդիպումներու ընթացքին նոյն տեսակէտները փոխանցեց։