24 Հուլիսի, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ Մ.Ա.Կ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Երեքշաբթի, 24 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց սուրիական տագնապի լուծման Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝ Տի Միսթուրայի փոխանորդ՝ Անթուան Լահհամը։

 

Ժընեւի Մ.Ա.Կ.-ի կեդրոնատեղիին մէջ իր գրասենեակը ունեցող Ա. Լահհամը, Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Տի Միսթուրայի ու իր կատարած վերջին շրջանի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց սուրիական տագնապին շուտափոյթ լուծում տալու հրամայականը, որպէսզի երկիրը կարենայ վերակառուցման ընթացքին սկսիլ։ Այս ծիրէն ներս Հայրապետը յատկապէս ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներուն, ներառեալ հայ համայնքին կարեւոր դերը երկրի վերակառուցման ու քաղաքական գործընթացներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը։

More News