«ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՊԷՏՔ Է ՏԵՂ ՏԱՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 19 Յունիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց Կանանց Հոգեւոր Լսարանի մասնակիցները, որոնք ամէն Երեքշաբթի, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին նախաձեռնած կրօնաբարոյական ու Աստուածաշունչի սերտողութեան լսարաններուն կը հետեւին։   Աւանդութիւն դարձած այս հանդիպումը ընթացք առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով, որմէ ետք լսարանի մասնակիցները միաբերան ընթերցեցին սաղմոս մը եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն…