Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՏԻԱՐ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

20 Ապրիլ 2018-ի գիշերը, Հայաստան կատարած իր կարճատեւ այցելութենէն վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հեռաձայնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեան։

Վեհափառ Հայրապետին ու Արցախի նախագահին միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ Հայրապետին Հայաստան կատարած այցելութեան ու յատկապէս Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն։