ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՌՈՄԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Շաբաթ, 23 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հռոմի արեւելեան համալսարանի նախագահին՝ Հայր Տէյվիտ Նազարին։

 

Լիբանան կատարած իր կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, համալսարանի նախագահը ուզած էր հանդիպում ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ թէ՛ մօտէն ծանօթ ըլլալու Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ թէ խորհրդակցելու համալսարանի առաքելութեան կապուած կարգ մը հարցերու շուրջ։

 

Նորին Սրբութիւնը վերոյիշեալ կէտերուն շուրջ իր տեսակէտները պարզեց, միաժամանակ գնահատելով արեւելեան համալսարանին կատարած դերը ակադեմական մարզէն ներս։

 

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ անդամներէն մէկը քանի մը օրէն կը մեկնի յիշեալ համալսարանը՝ որպէս ուսանող։