ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԷՆ ՆԵՐՍ ՆՈՐ ՇԷՆՔԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող նոր շէնքը, 24 սենեակներէ բաղկացած՝ իր շտեմարանով ու պահեստանոցով, պիտի գործածուի եպիսկոպոսներու եւ հիւրերու համար։ Շինութիւնը պիտի աւարտի յառաջիկայ Գարնան։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեալ ծրագրին բարերարին անունը պիտի յայտարարէ շէնքի բացման հանդիսութեան ժամանակ։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, ինչպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախ կը շեշտէ, ինքզինք կ՚իրագործէ գերազանցօրէն որպէս ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։ Այս գիտակցութենէն մղուած Դպրեվանքը կը գործէ եւ միաբան հայրեր հաւատարիմ իրենց կոչումին կը ծառայեն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ու թեմերուն մէջ։ Վերջին շրջանին միաբանութեան ծառայական դաշտէն ներս հետեւեալ նշանակումները կատարուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ.- —…