ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐՆՆԵՐԸ Կ՚ՈՂՈՂՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԵՒ ՕՏԱՐ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՎ

Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զոյգ թանգարանները՝ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանը ու Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը իրենց դռները լայն բացած էին աւելի քան 1000 այցելուներու դիմաց, որոնք թանգարանները կ՚այցելէին Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպած «Թանգարաններու Գիշեր» ձեռնարկի շրջագիծին մէջ։ Արդարեւ, այս առաջին տարին չէր, որ Կաթողիկոսարանի…