Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ, Ն.Ս. ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ԵՒ Ն.Ս. ՄԱՐ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԱԹՇԱՆԷԻ ՄԷՋ
21-22 Յունիս 2018-ին, Աթշանէի, Լիբանան, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ն.Ս. Թաուատրոս Բ եւ Ն.Ս. Մար Աֆրամ Բ. պատրիարքներուն միջեւ հանդիպում մը՝ խորհրդակցելու հայ, ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներուն առնչուած հարցեր ու մարտահրաւէրներ, յատկապէս Միջին Արեւելքի ծիրէն ներս։ Երեք եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցական կառոյցը հիմնուած է 1997 թուականին…