Աղօթքով եւ օրհնութեամբ մեկնարկուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդանիստ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը, Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018-ի կէսօրին, Հալէպ:
Սուրիահայութեան հոգեւոր-մշակութային խորհրդանիշ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին նաեւ պատմական ու հնագիտական յատուկ արժէք կը ներկայացնէ ո՛չ միայն հայութեան ու քրիտոնէութեան, այլեւ սուրիական դարաւոր պատմութեան ու բազմաշերտ մշակոյթին: Հայ ուխտաւորներ Երուսաղէմի ճամբու ընթացքին, Հալէպի հոգետան մէջ կը հանգչէին եւ Ս. Քառասնից Մանկանց փոքր եկեղեցւոյ մէջ աղօթք ու պատարագ կը մատուցէին: Հայկական եւ օտար գրական վկայութիւններ ու արձանագրութիւններ կը յիշեն ու կը նկարագրեն եկեղեցւոյ ընդարձակուիլը եւ վերածուիլը թեմական մայր եկեղեցւոյ:
Սուրիական տագնապին ու պատերազմին, երկրի աւերածութեան անմասն չմնացին հայկական եկեղեցիները, կրթական կառոյցներն ու համայնքապատկան շէնքերը: Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին ու շրջակայքը, ինչպէս Հալէպի Ս. Գէորգն ու Տէր Զօրի Ս. Նահատակացը, մեծ վնասներ կրեց:
Հալէպ քաղաքի ազատագրումէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութիւն կատարեց (4-8 Յունուար 2017) տառապած ժողովուրդի զաւակներուն, իր ներկայութեամբ ու պատգամներով գօտեպնդեց զանոնք, յատկապէս հրաւիրեց վերականգնելու թեմական կառոյցները: Նորին Սրբութիւնը երկրի վսեմաշուք նախագահին՝ Տոքթ. Պաշշար Ալ Ասատին տուած պաշտօնական այցելութեան եւս խօսեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերաշինութեան կարեւորութեան մասին: Նոյն տարուան Ապրիլի աւարտին, Հայրապետին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ վերականգնումի խորհրդաժողով, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ուր խօսուեցաւ մայր եկեղեցւոյ ու ազգային առաջնորդարանի վերաշինութեան մասին:
Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Ազգ. Իշխանութիւնը թեմի վերականգնումի ու վերաշինութեան ծրագիրները մշակեցին: Սրբազան Հօր անմիջական հսկողութեամբ յատուկ յանձնախումբ մը պատրաստեց եկեղեցւոյ վերաշինութեան թղթածրարը:
Այս տարուան Ապրիլ ամսուն, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, սուրիահայ միութիւններ պաշտօպական այցելութիւն տուին Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա Ալ Ասատին եւ յատուկ առիթ ընծայուեցաւ տեսակցելու Վսեմաշուք Նախագահին: Սրբազան Հայրը ներկայացուց վերականգնումի ընդարձակ ծրագիրը, նաեւ եկեղեցւոյ վերաշինութեան խնդիրը: Պրն. Նախագահին քաջալերանքն ու անմիջական բոլոր տեսակի դիւրութիւններ ընծայելու պատրաստակամութիւնը խթանեցին աշխատանքի արագացման:
Այսպէս, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ազգ. Կրօնական եւ Վարչութեան անդամները, համախմբուեցան Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Հոգեւորականաց դասը, գլխաւորութեամբ Սրբազան Հօր, եկեղեցական յատուկ արարողութիւն մը կատարեց, եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը Աստուծոյ օգնականութեամբ իրագործելու աղօթքներ վերառաքեց ու քաղցրահունչ շարականներ երգեց: Սրբազան Հայրը մեկնարկին առնչութեամբ խօսելով, շեշտեց «հաւատքով, աշխատասիրութեամբ եւ միասնական ճիգով վերականգնելու Աստուծոյ ու ազգի տունը» եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց Վսեմաշուք Նախագահին, Վեհափառ Հայրապետին եւ բարերարներուն: Յիշեցնենք, որ շինարարական ծախսերուն թթխմորը հալէպաբնակ հայ հաւատացեալներ կատարեցին, իրենց «լուման» ձգելով «տաճարի գանձանակին» մէջ:
Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ եկեղեցաշինութեան նուիրական գործին կրնան իրենց օժանդակութիւնները փոխանցել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին ճամբով կամ ուղղակի Բերիոյ Հայոց Թեմին, Ազգ. Առաջնորդարան, Հալէպ:
Ազգի բոլոր զաւակներուն մասնակցութեամբ «եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ»: