ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ՝ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին, Շաբաթ, 30 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ծնողներու մեծարանքի ձեռնարկ։

 

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսք արտասանեց երգչախումբի ղեկավար՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան։ Ան կարեւորեց հայ ընտանիքին արժէքը սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ ու մաղթեց, որ անոնք համբերութեամբ կատարեն իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնը՝ թէ՛ ընտանիքին եւ թէ ազգին նկատմամբ։

 

Ընթրիքը ճոխացաւ զանազան խաղերով ու ընկերային մթնոլորտով։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ զաւակները իրենց ծնողները պատուեցին վարդերով։